Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Ու ԱՄՆ-ն Հրաժարած Են Համագործակցելէ Ռուսաստանի Հետ` Մինսքի Խմբակի Եռեակին Մէջ. Լաւրով

Ֆրանսան Ու ԱՄՆ-ն Հրաժարած Են Համագործակցելէ Ռուսաստանի Հետ` Մինսքի Խմբակի Եռեակին Մէջ. Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւններուն բաց հատուածը սկսելով, Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը ընդգծած է, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ ապահովել ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մանտաթի համաձայն:

Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները հրաժարած են համագործակցելէ Ռուսաստանի հետ` Մինսքի Խմբակի եռեակին մէջ, յայտարարեց արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը, պնդելով որ Արեւմուտքը վեր դասած է Ռուսաստանի հետ տարաձայնութիւնները ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումէն:

«Ես չեմ գիտեր, թէ հետագային ինչ ճակատագիր պիտի ունենայ այդ միջնորդական խումբը, քանի որ մեր ֆրանսացի ու ամերիկացի գործընկերները ռուսաֆոպիայի ալիքի տակ` ձգտելով չեղարկել ամէնը, ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի Դաշնութեան, չեղարկած են նաեւ Մինսքի Խմբակի եռանախագահութիւնը, յայտարարելով, թէ մեզի հետ պիտի չյարաբերին այդ ձեւաչափով: Այդ իրենց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու ղարաբաղեան խնդիրին, եւ ընդհանուր առմամբ` Կովկասի շահերը, պատրաստ են զոհաբերելու տուեալ պարագային հայկական կողմի շահերը, այդ իրենց ընտրութիւնն է», յայտնած է Լաւրով:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը, մինչդեռ, չկիսեց ռուս գործընկերոջ յոռետեսական այս գնահատականը ու պնդեց, որ չնայած դժուարին աշխարհաքաղաքական իրադրութեան` եռանախագահութեան ձեւաչափը վերջնականապէս իր ուժը չէ կորսնցուցած. «Ես, ի դէպ, մի քիչ այլ նորութիւններ ունեմ: Հաշուի առնելով շատ յստակ ազդակները, որոնք ստացել եմ միւս համանախագահող երկրներից, ուզում եմ հաստատել, որ միջազգային համայնքը շարունակում է է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորումը տեսնել Մինսքի Խմբի ձեւաչափով, ինչը, պէտք է ասեմ, շատ է յուսադրում»:

Միրզոյեանը կրկնեց նաեւ Երեւանի դիրքորոշումը, թէ համանախագահութիւնը պէտք է աջակցի հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման աշխատանքներուն:

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով, բանալով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումը, յայտնած է, որ Ռուսաստանը պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել սահմանը պաշտպանելու եւ բանակը հզօրացնելու գործով:

«Մենք որպէս Հայաստանի առանցքային դաշնակից պիտի շարունակենք ձեզի օգնել պաշտպանունակութիւնը հզօրացնելու եւ սահմաններուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու հարցով», ըսած է Լաւրով:

Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի երկու երկիրներու համագործակցութեան ԱՊՀ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment