Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Շարունակենք Ջանքերը Փառուխէն Եւ Քարագլուխի Բարձունքէն Ատրպէյճանական Զօրքերը Ելման Դիրքեր Վերադարձնելու Ուղղութեամբ. Արցախի Նախագահ

Կը Շարունակենք Ջանքերը Փառուխէն Եւ Քարագլուխի Բարձունքէն Ատրպէյճանական Զօրքերը Ելման Դիրքեր Վերադարձնելու Ուղղութեամբ. Արցախի Նախագահ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 8-ին Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցած է:

Քննարկուած են հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները ու անոնց հնարաւոր ազդեցութիւնը Արցախի վրայ:

Շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, նախ, զեկուցմամբ հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանը` ընդգծելով, որ որոշակի լարուածութեան լոյսին տակ վերջին օրերուն մարտավարական իրավիճակը յարաբերական կայուն է:

Երկրին ղեկավարը նշած է, որ կը շարունակուին աշխոյժ ջանքերու ներդրումը Արցախի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ, եւ այդ առումով միտումները բաւականին դրական են:

«Ի հարկէ, ռուսական կողմի հետ շարունակում ենք ջանքերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղից եւ Քարագլխի բարձունքից ատրպէյճանական զօրքերին ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ: Կ’ուզէի միաժամանակ փաստել, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը քանիցս վերահաստատել է իր յանձնառութիւնը երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը խաղաղապահ զօրակազմի ու ռազմաքաղաքական այլ մեխանիզմների միջոցով: 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ փաստաթղթի դրոյթները շարունակում են գործել, եւ այդ տրամաբանութեան հիման վրայ մեր հայրենիքում շարունակելու ենք մեր խաղաղ կեանքի կառուցումը` միեւնոյն ժամանակ մշտապէս բարելաւելով մեր անվտանգութեան ապահովման սեփական մեխանիզմների արդիւնաւէտութիւնը», ըսած է նախագահ Յարութիւնեանը:

Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է նաեւ, որ հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները եւ մարտահրաւէրները լայն տարածաշրջանին մէջ` կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ երկրի պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարբեր ծրագրերու իրականացումը:

Նիստին ընթացքին քննարկուած է նաեւ խորհրդարանական ուժերու ներգրաւմամբ Ազգային Ժողովին մէջ հասարակական-քաղաքական բաց հարթակ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որուն նպատակն է հանրային տարբեր շրջանակներու հետ պարբերաբար հաղորդակցութեան ու քննարկումներու կազմակերպումը` երկրին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ: Հարթակին յառաջիկային կրնան միանալ բոլոր ցանկացողները` դիմելով Ազգային Ժողովի աշխատակազմին:

Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին քննարկուած շարք մը հարցերու վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած են յստակ յանձնարարականներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment