Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Միշէլ Յոյսով Են, Որ Եռակողմ Բանակցութիւնները Պիտի Ըլլան Արդիւնաւէտ

Փաշինեան Եւ Միշէլ Յոյսով Են, Որ Եռակողմ Բանակցութիւնները Պիտի Ըլլան Արդիւնաւէտ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը առանձնազրոյց ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:

Անոնք անդրադարձած են նախատեսուած՝ Հայաստանի վարչապետին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման եւ կարեւորած են երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրները եւ ընդգծած են միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգին անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ վարչապետը եւ Շարլ Միշէլը միտքեր փոխանակած են նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ, յոյս յայտնելով, որ եռակողմ բանակցութիւնները պիտի ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան ու խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշէլ քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի իրագործման ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment