Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Զրոյցներուն Ընթացքին Շեշտած Է Ապամագլցողութեան Անհրաժեշտութիւնը

Պլինքըն Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Զրոյցներուն Ընթացքին Շեշտած Է Ապամագլցողութեան Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու նախատեսուած բանակցութիւններու լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավարը ընդգծած է ապամագլցողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ օժանդակութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է, կ’ըսուի հեռախօսազրոյցներուն մասին Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսի հաղորդագրութիւններուն մէջ:

«Պետական քարտուղարը ընդգծած է, որ այժմ տարածաշրջանին մէջ հետագայ մագլցումի ժամանակը չէ: Պետական քարտուղարը աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետագայ խաղաղ բանակցութիւններուն, այդ շարքին` Փաշինեանի եւ Ալիեւի` Ապրիլ 6-ին նախատեսուած հանդիպման Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ [Շարլ] Միշէլի հետ», կը յայտնէ Պետական քարտուղարութիւնը:

Պլինքընը «վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է օժանդակելու երկիրներուն` երկկողմ եւ համախոհ գործընկերներու հետ ներգրաւմամբ, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ, հասնելու երկարատեւ համապարփակ խաղաղութեան», ըսուած է Փրայսի հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ զրոյցներուն մէջ ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ «դատապարտած է Ուքրանիոյ մէջ Քրեմլինի արգահատելի պատերազմական յանցագործութիւնները եւ ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ գործընկերներուն շարունակական յանձնառութիւնը` Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ անոր գործողութիւններուն նպաստողները պատասխանատուութեան ենթարկելու Ուքրանիոյ դէմ ոչինչով հրահրուած եւ չարդարացուած պատերազմին համար», կը փոխանցէ Պետական քարտուղարութիւնը:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին լրատուականը հաղորդած է, որ հեռախօսազրոյցին ընթացքին Փաշինեան եւ Պլինքըն անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան աճին: Վարչապետը ներկայացուցած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրները եւ կարեւորած է ԱՄՆ-ի հասցէական արձագանգը: Կողմերը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովումը` ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կարեւորութիւնը:

Վարչապետը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարը, ըստ հաղորդագրութեան, միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման, տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութեան շուրջ: Անդրադարձած են նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, այդ շարքին` Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան կողմին՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ուղղութեամբ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար եւ նշած է, որ ժողովրդավարութեան հետագայ ամրապնդումը ՀՀ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն է:

Ատրպէյճանական աղբիւրներու փոխանցմամբ` Ալիեւը Պլինքընի հետ խօսած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները սկսելու ուղղութեամբ պաշտօնական Պաքուի առաջարկներուն մասին:

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ անհրաժեշտ համարած է, որ Հայաստանը պարզութիւն մտցնէ «ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ անհետ կորսուած 3890 ատրպէյճանցիներու ճակատագրի հարցին մէջ» եւ տեղեկատուութիւն տրամադրէ «զանգուածային յուղարկաւորման վայրերուն» վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment