Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութեան Հանրահաւաքին Մասնակցած է Շուրջ 11 Հազար Մարդ

Ընդդիմութեան Հանրահաւաքին Մասնակցած է Շուրջ 11 Հազար Մարդ

by MassisPost

Ապրիլի 5-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հրաւիրուած հանրահաւաքը:

«Պաշտպանելով Արցախը` պաշտպանենք Հայաստանը» կարգախօսով հանրահաւաքի աւարտին ցուցարարները շարժեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ:

Հանրահաւաքին ունկնդրի կարգավիճակով ներկայ էր նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ներկայ չէր  Ռոպերթ Քոչարեանը: Աւելի վաղ անոր  մամուլի խօսնակը ըսած  էր, որ վերջինս պիտի չկարողանայ ներկայանալ առողջական խնդիրներու պատճառով:

«Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորումը» նկարահանման միջոցով իրականացուցած է ցոյցի մասնակիցներու հաշուարկ, որու արդիւնքով պարզուած է, որ   Ազատութեան հրապարակին վրայ գտնուած է շուրջ 11,200 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment