Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Գործող Նախագահի Այցին Նպատակը ԼՂ Հարցով Հայաստանի Դիրքորոշումը Ըմբռնելն Էր․ Փաւել Չեփլաք

ԵԱՀԿ Գործող Նախագահի Այցին Նպատակը ԼՂ Հարցով Հայաստանի Դիրքորոշումը Ըմբռնելն Էր․ Փաւել Չեփլաք

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաուի` Հայաստան կատարած այցին հիմնական նպատակն էր ըմբռնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Լեհաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փաւել Չեփլաքը:

«Գլխաւոր նպատակը եղած էր ըմբռնել Հայաստանի դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն հետ կապուած: Նախարար Ռաու փոխանցած է մեր կարծիքներն ու առաջարկները, որոնք մօտակայ օրերուն պիտի դիտարկուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ», յաւելած է ան:

Զպիկնեւ Ռաու Մարտ 29-էն Ապրիլ 1 այցելած է Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան, ինչ որ, ըստ դեսպանին, կը փաստէ, որ Լեհաստանը կը կարեւորէ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը: Ծրագիրը բոլոր երեք երկիրներուն մէջ նոյնը եղած է: Հայաստանի մէջ հանդիպումներ կայացած են ՀՀ նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործերու նախարարին հետ: Ըստ դեսպանին` իւրայատուկ հանդիպում եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ:

«Սա կարեւոր այց էր, քանի որ վերջին անգամ նման բարձրաստիճան այց կայացած էր 2017 թուականի աշնան: Ի հարկէ, փոխայցելութիւն կատարելու հրաւէր ստացած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյանը», յաւելեց ան:

Անոր խօսքով` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վճռական տրամադրուած է` լսելու Ռաուի առաջարկները, եւ Փաշինեանը ստացած է յստակ պատասխաններ: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ Լեհաստանի գլխաւոր նպատակը համագործակցութեան վերականգնումն է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջեւ:

«Վարշաւան իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կատարեց ամէն ինչ, այս տարուայ Փետրուարին Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարարը ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահները, սակայն Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը փոխեց իրավիճակը», ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment