Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Քարագլուխի Հիմնական Բարձունքը, Ամենաբարձր Կէտը, կը Գտնուի Մեր Վերահսկողութեան Տակ»․ Արցախի Նախագահ

«Քարագլուխի Հիմնական Բարձունքը, Ամենաբարձր Կէտը, կը Գտնուի Մեր Վերահսկողութեան Տակ»․ Արցախի Նախագահ

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն նպատակը ամբողջ Քարագլուխը գրաւելը եղած է, Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ յայտնած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` արձանագրելով․ «Քարագլխի հիմնական բարձունքը, ամենաբարձր կէտը, գտնւում է մեր վերահսկողութեան տակ, սակայն որոշ կարեւոր բարձունքներ այսօր գտնւում են Ատրպէյճանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ»:

«Մեր նպատակն է, որ ատրպէյճանցիները ետ գնան ելման դիրքեր: Մեր պահանջն ու խնդրանքը խաղաղապահ ուժերին այն է եղել, որ սթաթուս-քօն, որը բխում է եռակողմ յայտարարութիւնից, պէտք է վերականգնուի: Այս պահանջը մենք երբեւէ չենք փոխելու», ըսած է Արցախի նախագահը:

Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած այդ սադրանքին նպատակը եղած է առաջին հերթին ռուսական խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը վարկաբեկելը, համոզմունք յայտնած է Յարութիւնեանը: «Մենք համարում ենք, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը շարունակում են իրականացնել իրենց առաքելութիւնը, չհաշուած այդ դրուագը», ընդգծած է Արցախի նախագահը եւ զգօնութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահելու կոչ ըրած է, «մինչեւ պարզ լինի, որ Ատրպէյճանը նման սադրանքների էլ չի գնալու»:

«Դրա համար հետագայում մենք մեր ինքնապաշտպանութեան առումով շատ աւելի արմատական եւ վճռական քայլեր ենք իրականացնելու», եզրափակած է Յարութիւնեանը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment