Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փտածութեան Համար 2021-ին Քրէական Հետապնդման Ենթարկուած Է 1698 Անձ, Այդ Շարքին` Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Անձեր

Փտածութեան Համար 2021-ին Քրէական Հետապնդման Ենթարկուած Է 1698 Անձ, Այդ Շարքին` Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Անձեր

by MassisPost

2021-ի ընթացքին քննուած փտածութեան բնոյթի 2.312 քրէական գործերով քրէական հետապնդման ենթարկուած է ընդհանուր 1698 անձ, կը տեղեկացնէ Գլխաւոր Դատախազութիւնը` նշելով, որ 2020-ի ընթացքին 2.535 գործով քրէական հետապնդման ենթարկուած է 1356 անձ: Այսինքն` նախորդող տարուայ համեմատ 2021-ի վարոյթին մէջ շուրջ 8,8 տոկոսով աւելի քիչ քննուած քրէական գործերու պարագային քրէական հետապնդման ենթարկուած է 25,2 տոկոսով աւելի շատ անձ:

Դատախազութիւնը կը նշէ, որ քրէական հետապնդման ենթարկուած անձերէն 590-ը հանդիսացած են պաշտօնատար անձեր եւ հանրային ծառայողներ: Անոնց շարքին են, մասնաւորապէս` պաշտօնաթող նախագահ, Ազգային Ժողովի 2 պատգամաւոր, 4 նախարար, 1 փոխնախարար, 3 դատաւոր, ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ` ՆՏԱԴ պետ, Ռազմական ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատար, 2 մարզպետ, Երեւանի նախկին քաղաքապետ, ինչպէս նաեւ ԱԱԾ-ի, Ոստիկանութեան, Քննչական Կոմիտէի, քրէակատարողական հիմնարկներու, ՊԵԿ-ի, հարկադիր ծառայութեան տարբեր աստիճանի պաշտօններ զբաղեցնող 51 աշխատակից:

Ըստ հաղորդագրութեան, քրէական հետապնդման ենթարկուած են նաեւ առողջապահութեան, կրթութեան, ընկերային ապահովութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, տեղական ինքնակառավարման, զինուած ուժերու, այդ շարքին` ՀՀ ՊՆ ԳՇ ՌԵՊ Վարչութեան պետ, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ, ՀՀ ԶՈՒ հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի պետ-վարչութեան պետ, ՀՀ ՊՆ Ընդհանուր Շինարարութեան եւ Զօրքերու Բնակաւորման Վարչութեան պետ, ՀՕՊ Զօրքերու Վարչութեան նախկին պետ, ՊԲ ԿՇ եւ ԶԲ գծով տեղակալ, ԶՈՒ Ռազմաբժշկական Վարչութեան նախկին պետ, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ Բարձրագոյն Սպայական Խորհրդատուական Խորհուրդի անդամ, զինկոմի տեղակալ, յանձնաժողովի նախագահ եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment