Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վերահաստատուած Է Եռակողմ Պայմանաւորուածութիւններու Կատարման Կարեւորութիւնը. Փութին Հեռախօսազրոյցներ Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Վերահաստատուած Է Եռակողմ Պայմանաւորուածութիւններու Կատարման Կարեւորութիւնը. Փութին Հեռախօսազրոյցներ Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին յայտնած են Քրեմլինի մամուլի ծառայութենէն:

Կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը` շեշտը դնելով տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գործնական խնդիրներու լուծման վրայ:

Վերահաստատուած է եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու հետեւողական կատարման կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment