Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Եւ Ատրպէյճանի Նախագահին Օգնականը

Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Եւ Ատրպէյճանի Նախագահին Օգնականը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոմիութեան հարկին տակ, կայացած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը, ինչպէս Եւրոմիութեան Դիւանագիտական Ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի` «յառաջ մղելու երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը խնդիրներու լուծում գտնելու ջանքերը»:

Մասնաւորապէս, ըստ հաղորդագրութեան, քննարկումները կեդրոնացած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ ծրագրուող հանդիպման նախապատրաստման վրայ:

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի միջնորդութեամբ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին, որոնք կը ներառէին նաեւ Հաճիեւի եւ Գրիգորեանի առանձնազրոյցը, մասնակիցները անդրադարձած են քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խնդիրներուն` Պրիւքսէլի մէջ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին կայացած Միշէլ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման հետեւանքով «ձեռք բերուած ըմբռնումներու ծիրին մէջ»:

Գրիգորեանը եւ Հաճիեւը պայմանաւորուած են կրկին հանդիպիլ յառաջիկայ շաբաթներուն` շարունակելու քննարկումները մասնաւորապէս Դեկտեմբեր 14-ի եռակողմ հանդիպման ժամանակ բարձրացուած խնդիրներուն շուրջ: Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պիտի անդրադառնան նաեւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հեռանկարներուն առնչուող հարցերուն, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Եւրոմիութիւնը յանձնառու կը մնայ` շարունակելու իր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment