Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է ՀԱՊԿ Միացեալ Շտաբի Պետը

Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է ՀԱՊԿ Միացեալ Շտաբի Պետը

by MassisPost

Մարտ 30-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է «Արմյայտեք» սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութիւններու 3-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ ռազմաքաղաքական իրադրութեան հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան շրջանակներուն մէջ առաջարկուած առաջնահերթութիւններու իրականացման ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment