Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանը Պետտումայի Պատգամաւոր Տելեակինի Դէմ Քրէական Գործ Յարուցած Է

Ատրպէյճանը Պետտումայի Պատգամաւոր Տելեակինի Դէմ Քրէական Գործ Յարուցած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի Գլխաւոր Դատախազութիւնը այսօր քրէական գործ յարուցած է Ռուսաստանի Պետտումայի պատգամաւոր Միխայիլ Տելեակինի դէմ` երկրի նաւթային ենթակառոյցները ռմբակոծելու մասին օրերս հնչեցուցած կոչերուն համար:

«Ինթերֆաքս Ազերպայճան» գործակալութեան փոխանցմամբ, Տելեակինը կը մեղադրուի Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի երեք` յարձակողական պատերազմի կոչեր հնչեցնելու, ահաբեկչութեան, սպառազինութեան կիրառման սպառնալիքի եւ ազգային ատելութիւն սերմանելու յօդուածներով:

Ատրպէյճանական դատախազութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքուի դատարանը Տելեակինին հեռակայ կարգով կալանաւորելու եւ Ինթերփոլի հարցով անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու որոշում կայացուցած է:

Պետտումայի պատգամաւոր Տելեակինը Ատրպէյճանի նաւթային կառոյցները միջուկային հարուածի միջոցով ոչնչացնելու կոչեր հնչեցուցած էր Մարտ 28-ին` Ռուսաստանի պետական հեռուստատեսութեան եթերով: Բացի այդ, Տելեակինը համանման հարցում կատարած էր թելեկրամեան իր ալիքով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment