Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Պահանջած Է ՊԵԿ-ի Նախկին Աշխատակիցէն Բռնագանձել Ապօրինի Ծագման Գոյքը

Դատախազութիւնը Պահանջած Է ՊԵԿ-ի Նախկին Աշխատակիցէն Բռնագանձել Ապօրինի Ծագման Գոյքը

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը դատարանէն պահանջած է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախկին աշխատակից Վահրամ Գուրողլեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած 3 անձերէ յօգուտ Հայաստանի բռնագանձել ենթադրեալ ապօրինի ծագման գոյքը:

Դատախազութիւնը կը մանրամասնէ, որ մասնաւորապէս պահանջած է բռնագանձել Երեւանի մէջ գտնուող 8 բնակարանները եւ Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող 6 կայանատեղիները, 4 հասարակական նշանակութեան տարածքները, Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող հանգստեան գօտին եւ 2 հողամասեր, ինչպէս նաեւ 2 փոխադրամիջոցները, իսկ անհնարինութեան պարագային` անոնց միջին շուկայական արժէքը, որ ընդհանուր կը կազմէ 1 միլիառ 601 միլիոն 422 հազար 519 դրամ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ տարածքին մէջ գտնուող 2 անշարժ գոյքերու ձեռքբերման համար վճարած դրամական միջոցները` ապօրինի դիտարկուած 170 միլիոն 826 հազար 728 դրամի չափով:

Դատարանը հայցադիմումը ընդունած է վարոյթ:

Սա ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման թիւով 5-րդ հայցադիմումն է, որ դատարանը ընդունած է վարոյթ․ իրաւապահները նաեւ ուսումնասիրած են աւելի քան մէկ տարի առաջ մահացած, փտածութեան յանցագործութիւններու համար մեղադրուող զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի, Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի, փոխադրութեան նախկին նախարար Գագիկ Բեկլարեանի, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արամ Յարութիւնեանի, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանի, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` հետախուզման մէջ գտնուող Լեւոն Սարգսեանի դստեր, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեանի որդիին` Պետական Գոյքի Կառավարման Վարչութեան նախկին պետ Արման Սահակեանին, «Վսթրեչի Աբեր» մականունով յայտնի Արամ Վարդանեանին պատկանող գոյքն ու դրամական միջոցները: Արամ Յարութիւնեանի, Վլատիմիր Գասպարեանի, Սերոբ Յարութիւնեանի եւ Արամ Վարդանեանի գործերը արդէն դատարանն են: Ընդհանուր առմամբ, կ’ուսումնասիրուի աւելի քան 200 գործ:

Դատախազութիւնը աւելի առաջ յայտնած էր, որ ապօրինի գոյքի բռնագանձման աւարտած ուսումնասիրութիւններով 2021-ին բացայայտուած է ապօրինի ծագման 94 անշարժ, 23 շարժական գոյք եւ 27,7 միլիառ դրամի չափով գումար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment