Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Մտադիր Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքել, Եթէ Երեւանը Պատրաստ Է «Լուրջ Քայլերու»

Պաքուն Մտադիր Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքել, Եթէ Երեւանը Պատրաստ Է «Լուրջ Քայլերու»

by MassisPost

Պաքուն կը յայտարարէ, որ մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու, եթէ Հայաստանը պատրաստ է լուրջ քայլերու: Թէ ինչ քայլերու մասին է խօսքը` պաշտօնական յայտարարութիւնը չի յստակացներ:

«Եթէ հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագիրը կը դիտարկէ ոչ թէ որպէս հասարակութիւնը տեղեակ պահելու հերթական արարք, այլ` լուրջ քայլ, ապա ժամանակն է յստակ քայլերու ձեռնարկելու: Կ’ուզենք կրկին ընդգծել, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է անոր», յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:

Պաքուն կրկին յիշեցուցած է կարգաւորման այն հինգ սկզբունքները, որոնք ներկայացուցած էր Հայաստանին, ընդգծելով որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ անոնց վրայ:

Մեկնաբանելով Հայաստանի Ավտանգութեան Խորհուրդին յայտարարութիւնը, որ անհրաժեշտ են միջազգային զսպման մեխանիզմներ` հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար, Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը պնդած է, որ զսպման լաւագոյն ձեւը միջազգային իրաւունքն է, այդ շարքին` «այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելը եւ յարգանքը պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն նկատմամբ»: Հայաստանը, ըստ յայտարարութեան, չի պահպաներ միջազգային իրաւունքը եւ «չի կրնար խօսիլ միջազգային զսպման մեխանիզմի մասին»:

Պնդելով, որ պաշտօնական Երեւանը կը խախտէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, Պաքուն կը յայտարարէ, որ այդ է որ «կը մեծցնէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աստիճանը եւ կը վտանգէ խաղաղարար ջանքերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment