Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուիթըրեան Գրառումը Չ’արտացոլեր Գերագոյն Ռատայի Կարծիքը, Մեղաւորները Պատժուած Են․ Ուքրանացի Պատգամաւոր

Թուիթըրեան Գրառումը Չ’արտացոլեր Գերագոյն Ռատայի Կարծիքը, Մեղաւորները Պատժուած Են․ Ուքրանացի Պատգամաւոր

by MassisPost

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի թուիթըրեան էջին մէջ յայտնուած գրառումը թեքնիք սխալ էր, այն անմիջապէս հեռացուած է, իսկ բոլոր մեղաւորները պատժուած են, «Ազատութեան» «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըսաւ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի իշխող «Ժողովուրդի Ծառայ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինան:

Ցաւալի է, որ նման թուիթ յայտնուած է Գերագոյն Ռատայի կայքին մէջ, ըսաւ Վոլոտինան` շեշտելով, որ այն չ’արտացոլեր Գերագոյն Ռատայի եւ իշխող խմբակցութեան կարծիքը:

Թուիթըրին մէջ կ’ըսուէր, որ «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը յարձակման անցան Ղարաբաղի մէջ` օգտուելով Ռուսաստանի Դաշնութեան զօրքերու Ուքրանիա ուղարկուելէն»:

«Նման գործողութիւնները` ռազմական հակամարտութիւնները որեւէ կերպ չեն կրնար դրական ընկալուիլ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի պատգամաւորներու եւ ընդհանրապէս Ուքրանիոյ ժողովուրդին կողմէ: Դուք հիմա կը հասկնաք, թէ ինչ իրավիճակի մէջ մենք կ’ապրինք եւ ինչ ցաւով կրնանք ընկալել նմանատիպ հակամարտութիւնները այլ երկիրներու մէջ», ըսաւ ուքրանացի պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment