Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան Ատրպէյճանին Կոչ Կ՛ընէ Զօրքը Վերադարձնել 2020 Թուականի Նոյեմբեր 9-ի Դիրքերուն

Ֆրանսան Ատրպէյճանին Կոչ Կ՛ընէ Զօրքը Վերադարձնել 2020 Թուականի Նոյեմբեր 9-ի Դիրքերուն

by MassisPost

Ֆրանսան մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական բանակի դիրքային յառաջխաղացման կապակցութեամբ եւ կոչ կ՛ընէ բանակը վերադարձնել 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան օրուայ դիրքերուն:

Այդ մասին մարտի 25-ին երեկոյեան յայտարարութիւն  տարածած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը:

«ֆրանսան ափսոսանք կը յայտնէ Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերու շրջանին տեղի ունեցած զինուած միջադէպերու կապակցութեամբ եւ Ատրպէյճանի յառաջ գացած ստորաբաժանումներուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի կրակի դադարեցման յայտարարութեան օրով զբաղեցուցած դիրքեր»,- յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գերատեսչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment