Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն կը Հակադարձէ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Յայտարարութեան

Պաքուն կը Հակադարձէ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Յայտարարութեան

by MassisPost

Պաքուն հակադարձած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան այսօրուայ յայտարարութեան` «ափսոսանք յայտնելով, թէ այն «միակողմանի է եւ «իրականութեան չի համապատասխաներ :

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ , որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ղեկավար Զաքիր Հասանովը նախօրէին Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերգեյ Շոյգուի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնած էր թէ, կը ճշդուին  դիրքերը եւ տեղակայման վայրերը , եւ որ այսօր առաւօտեան հայկական կողմը ներթափանցման  փորձ կատարած է ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներւն դէմ:

Շաբաթ օրը տարածած հաղորդագրութեամբ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտած էր, որ «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, խախտելով եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, մտած են ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտի եւ դիտակէտ տեղակայած», ատրպէյճանական կողմին կոչ ընելով՝ ետ քաշել զօրքերը:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ Պաքուն հաւատարիմ  կը մնայ 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեան, որուն 4-րդ կէտին համապատասխան «դեռ չէ իրականացուած Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական բանակի եւ հայկական անօրինական զինուած կազմաւորումներու մնացորդներու լիակատար դուրսբերումը», հետեւաբար` Հայաստանն է որ կը խախտէ յայտարարութեան դրոյթները:

Պաքուն կը պնդէ, թէ Ռուսաստանի Դաշնութեան ՊՆ յայտարարութիւնը կը հակասէ երկկողմ յարաբերութիւններու էութեան եւ այս տարուայ Փետրուարի 22-ին Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին հռչակագրի դրոյթներուն:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը յայտարարէ, որ իր երկրի տարածքին չկայ Լեռնային Ղարաբաղ անուամբ վարչատարածքային միաւոր, եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կոչ կ’ընէ «ապահովել Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական բանակի եւ հայկական անօրինական զինուած խմբաւորումներու մնացորդներու լիակատար դուրսբերումը», ինչպէս նաեւ չօգտագործել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment