Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Դեռ Չեն Յաջողած Լուծել Հիմնական Խնդիրը. Հայկական Կողմը Ունեցած Է Վիրաւորներ Եւ 2 Զոհ

Ռուս Խաղաղապահները Դեռ Չեն Յաջողած Լուծել Հիմնական Խնդիրը. Հայկական Կողմը Ունեցած Է Վիրաւորներ Եւ 2 Զոհ

by MassisPost

Չնայած բարձրագոյն մակարդակի բանակցութիւններուն` Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը յաջողած է այս փուլին միայն դադրեցնել Ասկերանի շրջանի Փառուխ համայնքի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յառաջխաղացումը եւ անոնց կողմէ տարբեր տրամաչափի զէնքերէ իրականացուող կրակոցները, կ’արձանագրէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը:

«Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ընդգծում ենք, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին չի յաջողուել լուծել իր առաքելութեան շրջանակում գտնուող հիմնական խնդիրը, քանի որ Մարտի 24-ին Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժած ատրպէյճանական զօրքերը շարունակում են մնալ տեղերում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի իշխանութիւնները, «այնուամենայնիւ, յոյս են յայտնում, որ ռուսական կողմի վճռական ջանքերի շնորհիւ կը յաջողուի ատրպէյճանական զօրքերին վերադարձնել ելման դիրքեր, իսկ Արցախի խաղաղ բնակչութեանը` իրենց տներ, հակառակ պարագայում լուրջ կերպով կասկածի տակ են դրւում Արցախում ապրող խաղաղ բնակչութեանը տրուած անվտանգային երաշխիքները», կը շեշտէ Տեղեկատուական Շտաբը:

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կիրառուած «Bayraktar» տիպի անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է վիրաւորներ եւ երկու զոհ: Ուստի, Ատրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները` ե՛ւ ներխուժման, ե՛ւ զինադադարի խախտումներու տեսքով, կը շեշտէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը:

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ խախտած են շփման գիծը: Բնակիչներու անվտանգութեան համար տարհանուած են Փառուխին հարեւան Խրամորթ գիւղի կանայք եւ երեխաները: Աւելի ուշ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը յայտնեց, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերուն ուղղութեամբ ստեղծուած իրավիճակը կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ: Այդուհանդերձ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, գիշերը հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, հայկական կողմէ վիրաւորուած է 5 զինուոր, ատրպէյճանական կողմը 5 զոհ ունի:

Պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը կ’ակնկալեն, որ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ միջոցներու պիտի ձեռնարկեն` ատրպէյճանցիները վերադարձնելու ելման դիրքեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment