Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յունուար-Փետրուարին Նախորդ Տարուայ Նոյն Ժամանակահատուածին Համեմատ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 12 Տոկոսով

Յունուար-Փետրուարին Նախորդ Տարուայ Նոյն Ժամանակահատուածին Համեմատ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 12 Տոկոսով

by MassisPost

Այս տարուայ Յունուար-Փետրուարին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 12 տոկոսով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 9․7 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 4․9 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը` 8․2 տոկոսով, ելեկտրաուժանիւթի արտադրութիւնը աճած է 21.9 տոկոսով, ծառայութիւններու ոլորտին մէջ արձանագրուած է 20․1 տոկոս աճ: Նոյն ժամանակահատուածին մէջ սպառողական գիներու ցուցակը աճած է 6․8 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները Յունուար-Փետրուարին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած են 52․4 տոկոսով: Այդ շարքին` արտահանման ծաւալները աճած են 40․1, ներմուծման ծաւալները` 60․2 տոկոսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment