Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ Ռուսական Կազը Ռուպլիով Գնելու Տարբերակը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ Ռուսական Կազը Ռուպլիով Գնելու Տարբերակը

by MassisPost

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի գնահատմամբ` եթէ յաջողին կազը ռուպլիով գնել, այդ դրական զարգացում պիտի ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան համար. «Դա կը լինի շատ մեծ յաջողութիւն, որովհետեւ մենք հիմա ունենք խնդիր, երբ մեր արտահանողները, ռուպլու ապագայ կուրսի նկատմամբ վտահութիւն չունենալով, չափազանց դժկամ են իրենց արտահանումները ռուսական ռուպլով գնանշելու առումով: Եթէ մենք ունենանք հաստատուած կազի գին ռուպլով, դա հնարաւորութիւն կը տայ, որպէսզի մենք հակադարձ գործարքներով կարողանանք մեր արտահանողներին տալ հաստատուած ապագայ ռուպլու կուրս»:

Պաշտօնական Երեւանը դեռ նախկին իշխանութեան տարիներուն կ’ընդգծէր, որ կազը ռուսական արժոյթով գնելը անհրաժեշտ ու ձեռնտու է Հայաստանին:

Ռուսաստանի հետ կազի գինին շուրջ բանակցութիւններ վարող փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը աւելի առաջ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն յայտարարած էր, որ այժմ կազը ռուպլիով գնելու շուրջ քննարկումներու հնարաւորութիւն կայ. «Ես հիմա չեմ կարող խոստանալ, որ այդ հարցը լուծում կ’ունենայ, որովհետեւ կան առարկայական պատճառներ: Բայց այնուամենայնիւ, այսօր արդէն առնուազն ընդհանուր իմաստով այդ հարցը քննարկւում է նաեւ հանրային տիրոյթում, եւ ինչ-որ պահի, ես կարծում եմ, կը դառնայ շատ աւելի յստակ, օրակարգային»:

2015-ին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելէ ի վեր Հայաստանը պարբերաբեր բարձրաձայնած է ռուսական կազը ռուպլիով գնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 2015-ին առաջարկած էր տնտեսական միութեան մէջ փոխադարձ հաշուարկները ռուպլիով իրականացնել: Աբրահամեան կը նշէր, որ ռուպլի-տոլար-դրամ տատանումները բացասաբար կ’ազդեն Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:

«Ռազմավարական եւ ԵՏՄ անդամ գործընկերներ ենք: Թող մի բան էլ իրանց ձեռք չտայ, Հայաստանի տնտեսութեանը ձեռք տայ», կը յայտարարէր նախկին վարչապետը:

Պաշտօնապէս շարունակաբար կը հաղորդուէր, որ հարցը կը քննարկուի, սակայն Մոսկուան այդպէս ալ այդ քայլին չէր երթար:

Տարեկան Հայաստանը Ռուսաստանէն կը ներմուծէ աւելի քան 2 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ: Սահմանին «Կազփրոմ»ը իրեն պատկանող «Կազփրոմ Արմէնիա»ին զայն կը վաճառէ 1000 խորանարդ մեթրը 165 տոլարով, սակայն բնակարաններուն մէջ հայաստանցիները կը վճարեն գրեթէ երկու անգամ աւելի սուղ: Ընդ որում` սակագինը Ապրիլ 1-էն միջինը 4,1 տոկոսով պիտի բարձրանայ:

Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանի կարծիքով, ռուսական կազը ռուպլիով գնելը հնարաւորութիւն պիտի տայ արտաքին աշխարհի ցնցումներէն աւելի լաւ պաշտպանուելու: Բացի անկէ, փոխանցումներէն ու առեւտրաշրջանառութենէն Ռուսաստանէն Հայաստան փոխանցուող ռուսական արժոյթը այդպիսով աւելի արդիւնաւէտ պիտի օգտագործուի. «Ռուպլին, որը կը գայ Հայաստան, մենք դրանով կը վճարենք նաեւ էներկակիրների համար, եւ կախուածութիւնը տոլարից աւելի կը նուազի»:

Տնտեսագէտը, հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական զարգացումները, հաւանական կը համարէ, որ այժմ կողմերը պիտի կարենան համաձայնեցնել կազի ռուպլիով վաճառքը:

Կազը ռուպլիով գնելու խօսակցութիւնները աշխուժացան այն բանէն յետոյ, երբ Արեւմուտքի խիստ պատժամիջոցներուն տակ գտնուող Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը նախօրէին յայտնեց, որ որոշած են «ոչ-բարեկամական» երկիրներուն կազը ռուպլիով վաճառել:

Փորձագէտները կը կարծեն, թէ այս քայլով Մոսկուան կը փորձէ կայունացնել պատժամիջոցներու պատճառով կտրուկ արժեզրկուած ռուպլին, նաեւ մեծցնել ռուպլիին դերը եւ թուլցնել ամերիկեան տոլարին գերիշխող դերը համաշխարհային շուկային մէջ:

Փորձագէտները նաեւ կը նշեն, որ կազը ռուպլիով վաճառելու պարագային Ռուսաստանը պիտի կարենայ խուսափիլ արեւմտեան շարք մը պատժամիջոցներէն:

Եւրոպայի մէջ սպառող կազին գրեթէ 40 տոկոսը Ռուսաստանը կը վաճառէ: Եւրոպական երկիրներու հետ կազի վաճառքին պայմանագրերը տոլարով կամ եւրոյով կնքուած են: Միջազգային փորձագէտները քիչ հաւանական կը համարեն, որ Ռուսաստանը պիտի կարենայ միակողմանիօրէն փոխել պայմանագրերուն դրոյթները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment