Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպայի Խորհուրդի Գոնկրէսը Մրցակցային, Թափանցիկ, Արդար Կը Գնահատէ Դեկտեմբերի ՏԻՄ Ընտրութիւնները

Եւրոպայի Խորհուրդի Գոնկրէսը Մրցակցային, Թափանցիկ, Արդար Կը Գնահատէ Դեկտեմբերի ՏԻՄ Ընտրութիւնները

by MassisPost

Մրցակցային, թափանցիկ, արդար ընտրութիւններ, որոնք մեծամասամբ զերծ էին կեղծարարութեան եւ բռնութեան դէպքերէ, այսպիսի գնահատական տուած է Եւրոպայի Խորհուրդի Տեղական եւ Տարածքային Իշխանութիւններու Գոնկրէսը Հայաստանի վերջին Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն:

Անցեալ Դեկտեմբերին Հայաստանի 36 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու վերաբերեալ զեկոյցը երէկ հրապարակուած է: Սթրասպուրկի մէջ զեկոյցի հրապարակման մասնակցած է Երեւանի աւագանիի ընդդիմադիր անդամ Դաւիթ Խաժակեանը, ան Գոնկրէսի պատուիրակներու շարքին էր: Խաժակեան ընդգծեց, որ այս զեկոյցը կը նշանակէ, որ, ի տարբերութիւն նախորդ ՏԻՄ ընտրութիւններուն, այն համապատասխանած է ժողովրդավարական չափանիշերուն:

«Միանշանակ կարող ենք ասել, մանաւանդ, որ զարմանալիօրէն հասատւում է, որ նախկինում եղել են ընտրակեղծարարութեան դէպքեր, որոնք հիմա բացառուած են», ըսաւ Խաժակեան:

Զեկոյցը պատրաստած փորձագէտները կ’ընդգծեն, որ հակառակ Քովիտի համաճարակին եւ յետպատերազմական ծանր իրավիճակին, տեղական իշխանութիւններու ընտրութիւնները անցած են առանց էական խնդիրներու՝ մասնաւորապէս, առանց ձայներու վաճառքի:

«Դրական է գնահատւում, որ ընտրական կեղծարարութիւն տեղի չի ունեցել եւ ձայնի վաճառք կամ կառուսելով քուէարկութիւն չի եղել, հէնց «կառուսելով քուէարկութիւն», այդ արտայայտութիւնն էլ կիրառուած է: Խօսւում է նաեւ նրա մասին, որ յետպատերազմեան այս շրջանն իր ազեդցութիւնն ունեցել է եւ նաեւ մէջբերւում է այն դրուագը, երբ քարոզարշաւի ընթացքում Սիւնիքի վրայ յարձակում տեղի ունեցաւ եւ դա եւս ազդող հանգամանք էր», ըսաւ Խաժակեան:

Նախարարներու Կոմիտէին եւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին տեղական եւ տարածքային քաղաքականութեան հարցերու վերաբերեալ խորհրդատուութիւններ տուող Գոնկրէսի զեկոյցին մէջ որպէս թերութիւններ առանձնացուած են վարչական միջոցներու կիրառման, քուէարկութեան թեքնիք խնդիրները: Խաժակեան կ’ընդգծէ, որ Գոնկրէսը յստակ նշած է ոչ միայն իշխանական, այլ ընդդմադիր համայնքապետերու կողմէ վարչական միջոցներու կիրառման փորձերը:

«Հիմնական նկատառումը բացասական վերաբերում է քուէարկութեան մեխանիզմներին, որովհետեւ կային համայնքներ, որտեղ քուէարկութիւնն իրականացւում էր առանձին թերթիկների միջոցով, ինչը գնահատուել է որպէս աւելի շփոթեցնող, նաեւ արձանագրւում է, որ ժամանակը պատրաստուելու այդ ընտրութիւններին կարճ էր` հաշուի առնելով, որ փոփոխուեց վերջին շրջանում Ընտրական Օրէնսգիրքը», ըսաւ Խաժակեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment