Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Նպատակն Է` Անհնար Դարձնել Արցախցիներուն Կեանքը Սեփական Հայրենիքին Մէջ. Փաշինեան

Ատրպէյճանի Նպատակն Է` Անհնար Դարձնել Արցախցիներուն Կեանքը Սեփական Հայրենիքին Մէջ. Փաշինեան

by MassisPost

Կառավարութեան նիստին սկիզբը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գնահատականներ հնչեցուց Արցախի մէջ երկու շաբաթէն աւելի երկարող կազի խնդիրին մասին. «Ատրպէյճանի գործողութիւնների արդիւնքում Արցախը յայտնուել է մարդասիրական աղէտի շեմին»:

Փաշինեանը շեշտեց, որ Արցախի կազատարը պայթեցուած էր Մարտ 7-ին` Ատրպէյճանի վերհսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Օրեր շարունակ Ատրպէյճանը թոյլ չէր տար վերանորոգել խողողովակը: Միայն Մարտ 16-ին յայտարարուեցաւ, որ բանակցութիւնները արդիւնք տուած են եւ Ատրպէյճանը պիտի վերանորոգէ վնասուած հատուածը: Սակայն վերանորոգումէն քանի մը օր անց Արցախը դարձեալ զրկուեցաւ կազէն: Արցախի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ատրպէյճանական կողմը այժմ ալ փական դրած է կազատարին վրայ:

Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ այս քայլով Ատրպէյճանը կ’ապացուցէ, որ ինք հեղինակած է Մարտ 7-ի պայթումը: Կազամատակարարման դադրեցումը տեղի ունեցած է եղանակային բացառիկ խիստ պայմաններու մէջ: Այս ամէնը, ըստ Փաշինեանի, միջազգային հանրութեան համար Արցախի հիմնախնդիրի դիպուկ նկարագրութիւն է. «Սա անառարկելիօրէն ի ցոյց է դնում Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը արցախահայութեան նկատմամբ, այն է` անհնար դարձնել նրանց ապրելը սեփական հայրենիքում»:

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ այս պայմաններուն մէջ խաղաղ դարաշրջան բանալու իշխանութիւններու ռազմավարութեան եւ անոր շուրջ հնչող քննադատութեան: Պնդեց, որ այդ քաղաքականութիւնը այլընտրանք չունի. «Իր այս գործողութիւններով, զանազան սադրանքներով Ատրպէյճանը փորձում է մեզ շեղել խաղաղութեան օրակարգից, անօրինականացնել այդ օրակարգը»:

Վարչապետը նաեւ ուղիղ կապ կը տեսնէ Ատրպէյճանի ուղարկած հինգ առաջարկներուն եւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին մէջ. «Ուշադրութիւն դարձրէք, Հայաստանը յայտարարում է, որ Ատրպէյճանի ներկայացրած առաջարկները Հայաստանի համար ընդունելի են, իսկ Ատրպէյճանը փակում է կազատարը, եւ սա ամենամեծ ապացոյցն է այն բանի, որ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը մեզ խաղաղութեան օրակարգից շեղելն է»:

Վարչապետը վերահաստատեց, որ այս առաջարկներուն մէջ Հայաստանի համար անընդունելի ոչինչ կայ: Այլ բան, որ անոնք ամբողջութեամբ չեն արտացոլեր առկայ խնդիրներուն ամբողջ օրակարգը: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին փոխանցուած Հայաստանի պատասխանը ամբողջացուցած է զանոնք: Երեւանը պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններուն, վերստին յայտարարեց Փաշինեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ իշխանութեան պատասխանին վերաբերեալ ընդդիմութեան հնչեցուցած քննադատութեան, մէջբերումներ կատարեց նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններէն. «Ռոպերթ Քոչարեանը Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանում լրագրողի հարցին ի պատասխան բառացիօրէն յայտարարել է. «Եթէ մենք ընդհանուր խօսում ենք տարածքային ամբողջականութեան մասին, ապա մենք չպէտք է ասենք, որ դրա դէմ ենք: Մենք էլ տարածք ունենք, եւ մենք եւս համարում ենք, որ այդ տարածքը կարիք ունի նման սկզբունք յարգելու համար»: Նրանից յետոյ Սերժ Սարգսեանը նոյնպէս երկար տարիներ բանակցել է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման մասին` որպէս կարգաւորման հիմնարար սկզբունք ընդունելով այդ թւում տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Այնպէս որ, այստեղ որեւէ շահարկում տեղին չէ»:

Փաշինեան ընդգծեց նաեւ սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները արագացնելու անհրաժեշտութիւնը, յիշեցուց սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման առաջարկը, ուր կողմնորոշիչ պէտք է ըլլար խորհրդային ժամանակներու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տէ իւրէ հաստատուած սահմանագիծը. «Բայց ուզում եմ իմանաք, որ բացի ամբողջական ետքաշումից, մենք հանդէս ենք եկել նաեւ տեղային ետքաշումների առաջարկներով եւ այստեղ էլ սպասում ենք Ատրպէյճանի արձագանգին: Մասնաւորապէս, Երասխի հատուածում առաջարկել ենք, որ իրենք մի քանի դիրք ետ քաշեն մեր տարածքից, մենք էլ մի քանի դիրք ետ քաշենք իրենց տարածքից, այսպիսով երկուստեք կը լուծենք վերջին մէկուկէս տարուայ ամենաթէժ կէտերից մէկի հարցը»:

Ապա Փաշինեան դիմեց հանրութեան, ան ըսաւ որ ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերային բարդ վիճակ է, շատ երկիրներու համեմատ Հայաստանը շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ է: «Մի շարք կարեւոր ապրանքների գներ Հայաստանում չեն բարձրանում, ըստ էութեան` չեն բարձրանայ, որոշ դէպքերում ունենք էժանացումներ», կառավարութեան նիստին յայտնեց Փաշինեան:

Վարչապետը նաեւ բացատրեց, թէ ինչու չեն բարձրացներ կենսաթոշակները, եւ ինչու կը բարձրացնեն իրաւապահ կառոյցներու աշխատավարձերը. «Նախ` մի բան է բարձրացնել 500 հոգու, 5000 հոգու, նոյնիսկ 20.000 հոգու աշխատավարձը, բոլորովին ուրիշ բան` բարձրացնել 550.000 հոգու թոշակը: Կամ 600.000 հոգու աշխատավարձը»:

Աւարտին, Փաշինեան արձանագրեց, որ Հայաստան կը գտնուի Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան ամենախաչմերուկային կէտին, բայց կոչ ըրաւ չյուսահատելու. «Ձեր բոլոր ցաւերը մեր սրտում են, ձեր բոլոր կարիքները մեր մտքում են, ձեր բոլոր երազանքները մեր հոգում են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment