Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միութենական Պետութիւնը Անհամեմատելի` Եւրոպական Միութեան Հետ

Միութենական Պետութիւնը Անհամեմատելի` Եւրոպական Միութեան Հետ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս քննարկման դրուած է Քրէական օրէնսգրքէն ներս լրացումներ կատարելու նախագիծ, որուն հեղինակն է «Հայաստան» խմբակցութիւնը: Այս փոփոխութեամբ կ’առաջարկուի ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը կամ անոր մէկ մասը կասկածի տակ դնելը կամ հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը կը դառնայ քրէօրէն հետապնդելի արարք:

Օրէնսդրական փոփոխութիւնը ներկայացնող պատգամաւոր Արամ Վարդանեան այս առթիւ ըսած է.  «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կամ այն սահմանափակելու ուղղուած հրապարակային արտայայտութիւնները եւ կամ զայն քարոզելը` պէտք է պատժուի տուգանքով»: Վարդանեանի այս ձեւակերպումին անդրադառնալով մեծամասնութեան ներկայացուցիչները հարց բարձրացուցած են, թէ արդեօ՞ք այս կը տարածուի Ռոպերթ Քոչարեանի վրայ, որ վերջերս իր մամլոյ ասուլիսներէն մէկուն ընթացքին խօսած էր Ռուսաստան-Պելառուս  Միութենական Պետութեան միանալու նպատակայարմարութեան մասին: Տասը տարի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած անձի այս յայտարարութիւնը, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ արժանացաւ խիստ քննադատութեան, այդ տեսակէտ նկատելով հրաժարում Հայաստանի ինքնիշխանութենէն:

Վարդանեան պաշտպանելով իր ղեկավարի տեսակէտը  Միութենական Պետութիւնը նմանցուցած է Եւրոպական Միութեան հետ ու աւելցուցած.  «Ես կարծում եմ` ՀՀ բնակիչների ստուար զանգուածը միշտ էլ կը պատկերացնի ինտեգրացիոն պրոցեսներ, ՀՀ անկախութեան երաշխաւորմամբ, Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ եւ երբեք ոչ, օրինակ, Թուրքիայի հետ»:

Հայաստանի բնակչութեան քանի տոկոսը համաձայն պիտի գտնուի Միութենական Պետութեան մաս կազմելու գաղափարին հետ դժուար է ըսել, քանի որ առայժմ չկան այդ մասին տուեալներ: Վստահաբար յառաջիկայ հարցախոյզերուն այդ հարցը եւս պիտի տրուի քաղաքացիներուն: Իսկ,  Ռուս-պելառուսական միութիւնը Եւրոպական Միութեան նմանցնելը խիստ պարզունակ եւ մակերեսային մօտեցում է: Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները նոյն արժէհամակարգը կրող  պետութիւններ են, ուր ազատութիւններն ու մարդու իրաւունքները գերակայ սկզբունքներ են: Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները չեն կաշկանդուած իրենց արտաքին քաղաքական որոշումներուն մէջ, կը պահեն իրենց ուրոյն բանակը եւ ազատ են դուրս գալու այդ  Միութենէն, ինչպէս մի քանի տարի առաջ պատահեցաւ, երբ Մեծն Բրիտանեան հանրաքուէ կազմակերպելով հրաժարեցաւ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութենէն:

Հայաստան ներկայիս բռնած է ազատականացման եւ ժողովրդավարացման ուղղին: Միութենական Պետութեան մաս կազմող եւ կամ ապագային մաս կազմելու թեկնածու նկատուող երկիրները, առանց բացառութեամբ, բոլորն ալ բռնապետական եւ կամ կիսաբռնապետական երկիրներ են: Նաեւ, դժուար է պատկերացնել որ, Միութենական Պետութենէն դուրս գալու գործընթացը այդքան հեշտութեամբ ընթանայ, յատկապէս որ հոն տիրապետող դիրքի վրայ պիտի գտնուի Ռուսաստանը իր աշխարհաքաղաքական մեծ ծրագիրներով:

Եւրոպական Միութիւնը աւելի շատ տնտեսական միութիւն է` քան քաղաքական: Հայաստան Ռուսաստանի, Պելառուսի եւ միջին ասիոյ այլ երկիրներուն հետ մաս կը կազմէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ այդ կառոյցը ցարդ օգտակար էր հայկական  արտադրութիւնները աւելի լայն շուկայ հասցնելու համար: Սակայն, անկէ անդին` քաղաքական որեւէ միութեան մաս կազմելը  պիտի առաջնորդէ  ինքնիշխանութեան կորուստի:

Ռուս-Ուքրանական պատերազմի լոյսին տակ Միութենական Պետութեան հեռանկարը կը դառնայ շատ աւելի մռայլ եւ վտանգաւոր: Ռուսաստանի կողմէ ապագայ ռազմական որեւէ արկածախնդրութիւն այդ միութեան մաս կազմող երկիրները պիտի դնէ պարտաւորութիւններու տակ: Արեւմտեան պատժամիջոցներուն պատճառաւ ներկայիս Ռուսաստանի տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ ծանր պայմաններ, որմէ կը տուժեն նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրները` նոյնիսկ առանց այդ պատժամիջոցներուն ուղղակի թիրախ դառնալու: Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն որ, Ռուս-Պելառուսական Միութեան մաս կազմելու հարցը չկայ իրենց օրակարգին վրայ: Ընդդիմութիւնը եւս  այդ հարցը դուրս պէտք է մղէ իր օրակարգէն` Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը գերադասելով Մոսկուային հաճոյանալու փորձութենէն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment