Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Արցախի Մարդասիրական Իրավիճակին Հարցով Չընդունեց Ընդդիմութեան Յայտարարութեան Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Արցախի Մարդասիրական Իրավիճակին Հարցով Չընդունեց Ընդդիմութեան Յայտարարութեան Նախագիծը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը չընդունեց «Արցախի Հանրապետութիւնում ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, սպառնալիքները եւ հրատապ անելիքները» հասարակական հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմայով ընդդիմութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը: Յայտարարութեան նախագիծը քուէարկութեան դրուեցաւ Ազգային Ժողովի փակ նիստէն յետոյ, որուն ընդդիմութեան առաջարկով կը մասնակցէին նաեւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Փակ նիստէն յետոյ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեան յայտնեց, որ նախագիծը քննարկած են խմբակցութեան մէջ: «Մեծամասնութեամբ կիսում ենք այն դիրքորոշումները, որոնք արտայայտուած են այստեղ: Թէ՛ Հայաստանի վարչապետի, թէ՛ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ կառավարութեան բոլոր համապատասխան օղակների, թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութեան մեզ հասանելի գործիքակազմով մենք ամէնօրեայ կարգով հասցէագրում եւ զբաղւում ենք այն բոլոր հարցերով, որոնք դուք ներկայացրել էք` մարդասիրական հարցերով, ռազմագերիների վերադարձի հարցով, կազամատակարարման հարցով: Բոլոր օղակներում, նաեւ միջազգային կառոյցներում մենք օգտագործում ենք բոլոր դիւանագիտական գործիքակազմի մէջ գտնուող գործիքները, որպէսզի բոլոր այդ հարցերը լուծենք», ըսաւ Կոնճորեան:

Ան յոյս յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը կը վերադառնայ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դաշտ, յիշեցնելով որ ժամանակին ընդդիմութիւնը պոյքոթած էր միջխորհրդարանական պատուիրակութիւններու կազմին մէջ մասնակցիլը եւ այդ հարցերը աշխարհի մէջ բարձրացնելը:

«Ելնելով այն հանգամանքից, որ մենք օգտագործում ենք դիւանագիտութեան բոլոր խողովակներն ու գործիքակազմերը` այս պահին հասցէագրելու այս խնդիրները, ապա գտնում ենք, որ այս պահին բաւարար են այս գործիքները` այս հարցով զբաղուելու համար», նշեց ՔՊ խմբակցութեան ղեկավարը` նշելով, որ ՔՊ-ն պիտի չմասնակցի այդ հարցի քննարկման:

Քուէարկութեամբ յայտարարութեան նախագիծը ստացաւ 30 կողմ, 0 դէմ եւ 0 ձեռնպահ ձայներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment