Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Առաջին Տեղակալին Հետ

Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Առաջին Տեղակալին Հետ

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի առաջին տեղակալ Միրչա Ճոանայի հետ: Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ իրավիճակը, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւնները, քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներու գործադրման փաստերը:

Արարատ Միրզոյեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած էր թուրք գործընկերոջ հետ, Միրչա Ճոանայի հետ խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:

Հիւսիսատլանտեան Խորուհրդին մէջ ունեցած ելոյթին մէջ, Միրզոյեան անդրադարձած է անցեալ 30 տարիներու ընթացքին Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, 2020-ի Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակման հետեւանքներուն, հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներուն, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներու եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային կազմակերպութիւններու մուտքի հարցերուն:

Արտաքին գործերու նախարարը իր ելոյթին մէջ շօշափած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռնակարներուն ու հնարաւորութիւններուն, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը թեմաներուն առնչուող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment