Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուա Կ’ողջունէ Խաղաղ Պայմանագրի Հարցով «Երեւանի Եւ Պաքուի Պատրաստակամութիւնը»

Մոսկուա Կ’ողջունէ Խաղաղ Պայմանագրի Հարցով «Երեւանի Եւ Պաքուի Պատրաստակամութիւնը»

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կ’ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի պատրաստակամութիւնը` սկսելու խաղաղ պայմանագրի նախապատրաստումը, եւ պատրաստ է օժանդակելու բանակցային գործընթացին, յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք կ’ողջունենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ պայմանագրի նախապատրաստումը սկսելու` Պաքուի եւ Երեւանի պատրաստակամութիւնը, եւ կը վերահաստատենք բանակցային գործընթացին ըստ ամենայնի օժանդակելու մեր տրամադրուածութիւնը», ըսած է Զախարովան:

Միաժամանակ, ան ընդգծած է, որ առայժմ կանուխ է խօսիլ խաղաղ պայմանագրի ստորագրման ժամկէտերու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment