Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սիւնիքի Մէջ Հրազէնային Վիրաւորումներով Երկու Զինուորի Դի Յայտնաբերուած Է

Սիւնիքի Մէջ Հրազէնային Վիրաւորումներով Երկու Զինուորի Դի Յայտնաբերուած Է

by MassisPost

Մարտ 17-ին, քանի մը ժամուայ տարբերութեամբ, Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդեց երկու ժամկէտային զինուորի մահուան մասին: Դէպքերը տեղի ունեցած են ոչ-մարտական պայմաններու մէջ, Կապանի ու Մեղրիի մէջ:

20-ամեայ Ալպերթ Սիրոյեանի դին ծնօտի հատուածին հրազէնային վիրաւորումով յայտնաբերուած է նախօրէին` ժամը 21:00-ի սահմաններուն, Կապանի մօտ գտնուող մարտական դիրքերուն մէջ: Քննչական Կոմիտէին հաղորդմամբ, յարուցուած է քրէական գործ զինուորը անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելու յօդուածով:

Թէ ով զինուորը հասցուցած է ինքնասպանութեան եւ ինչի հետեւանքով դէպքը տեղի ունեցած է, Քննչական Կոմիտէն դեռ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած: Գործով կասկածեալ այս պահին չկայ: Ալպերթ Սիրոյեանը Արտաշատի Վարդաշէն համայնքէն էր, բանակ զօրակոչուած էր 2020 թուականի Դեկտեմբերին, ծառայութեան ամիսներ մնացած էին:

Քանի մը ժամ անց, Պաշտպանութեան Գերատեսչութիւնը յայտնեց ժամկէտային զինուոր Էտուարտ Ռուստամեանի մահուան մասին: 19-ամեայ զինուորի դին յայտնաբերուած է Մեղրիի զօրամասին մէջ, հրազէնային վիրաւորումով: Թէ ինչ հանգամանքներու մէջ տեղի ունեցած է դէպքը, իրաւապահները դեռ ոչինչ յայտնած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment