Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Հարաւային Կովկասի Ու Վրաստանի Ճգնաժամի Հարցերով ԵՄ Յատուկ Ներկայացուցիչը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Հարաւային Կովկասի Ու Վրաստանի Ճգնաժամի Հարցերով ԵՄ Յատուկ Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան աշխոյժ զարգացման վերաբերեալ եւ կարեւորած է փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման միտուած ջանքերը: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը շարժի ՀՀ ժողովրդավարական օրակարգի կեանքի կոչման ուղղութեամբ եւ շնորհակալ է ԵՄ-ին` այդ գործընթացին սատարելու համար:

ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը եւ կը վերահաստատէ ՀՀ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն աջակցելու պատրաստակամութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակին եւ լարուածութեան աճին: Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Թոյվօ Քլաար միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան ընթացքին շուրջ:

ՀՀ վարչապետը բարձր գնահատած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի` տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման միտուած ջանքերը: Այս շրջագիծէն ներս Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Պրիւքսէլի մէջ ԵԽ նախագահին եւ Ֆրանսայի նախագահին, Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումները եւ անոնց շրջանակին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:

Երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են շարունակելու աշխոյժ շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment