Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմին Սկիզբէն Ի Վեր ՀՀ Քաղաքացիութեան Դիմում Ներկայացուցած Է Ռուսաստանի 349 Քաղաքացի, Ուքրանիոյ՝ 6

Պատերազմին Սկիզբէն Ի Վեր ՀՀ Քաղաքացիութեան Դիմում Ներկայացուցած Է Ռուսաստանի 349 Քաղաքացի, Ուքրանիոյ՝ 6

by MassisPost

Շաբաթներէ ի վեր երկարող ռուս-ուքրանական պատերազմի հանգամանքով պայմանաւորուած` աւելցած է Ռուսաստանէն եւ Ուքրանիայէն ՀՀ եկող զբօսաշրջիկներու հոսքը,  որոնք նաեւ կը դիմեն ՀՀ պատկան մարմիններուն` ՀՀ քաղաքացիութեան եւ կացութեան հետ կապուած խնդիրներով:  Փետրուար 24-ի  ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր, ՀՀ ոստիկանութեան Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութեան պետ Արա Մկրտչեանի տեղեկացմամբ, ՀՀ իշխանութիւնները Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներէն  ընդհանուր առմամբ 355 դիմում ստացած են ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու հարցով: Դիմում ներկայացուցած անձերէն  349-ը Ռուսաստանի քաղաքացիներ են, 6-ը` Ուքրանիոյ, անոնց գերակշիռ մասը ազգութեամբ հայեր են: Պաշտօնեային փոխանցմամբ` ներկայ պահուն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու կամ նախապէս ունեցած այդ կարգավիճակը վերականգնելու ցանկութիւն յայտնած են ՀՀ-էն տարբեր ժամանակներու մէջ Ռուսաստան եւ Ուքրանիա արտագաղթած հայաստանցիները, որոնք իրադարձութիւններու բերումով դարձեալ վերադարձած են Հայաստան: Փետրուար 24-էն Մարտ 14 Հայաստանի մէջ կացութեան կարգավիճակ ստանալու համար Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութիւն դիմած են Ռուսաստանի 74 եւ Ուքրանիոյ 11 քաղաքացիներ:

Նշենք, որ ԵԱՏՄ երկիրներու քաղաքացիները Միութեան սահմաններուն մէջ ունին մինչեւ 6 ամիս ազատ բնակութեան իրաւունք: Հաշուառման պահանջը կը  սկսի գործել արդէն տուեալ երկրին մէջ գտնուելու կէս տարին լրանալէն յետոյ:  Եթէ անձը անկէ ետք շարունակէ բնակիլ Հայաստանի մէջ եւ  որոշակի աշխատանքով զբաղիլ, կը ստանայ կացութեան կարգավիճակ: Հարկ է նշել նաեւ, որ  Ռուսաստանի քաղաքացիները Հայաստանի մէջ  կրնան աշխատիլ նաեւ առանց կացութեան կարգավիճակի` Հայաստանի մէջ աշխատիլը հաւաստող աշխատանքային պայմանագիր ունենալու պարագային, որու հիման վրայ Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացին կը հաշուառուի ժամանակաւոր բնակութեան հասցէով,  կը ստանայ հանրային ծառայութիւններու համարանիշ` հարկային պարտաւորութիւնները կատարելու, աշխատողի իր իրաւունքներէն օգտուելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment