Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրին Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ընթանան Առանց Նախապայմաններու. Միրզոյեան

Ատրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրին Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ընթանան Առանց Նախապայմաններու. Միրզոյեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, անդրադառնալով Պաքուի հրապարակած 5 կէտնոց առաջարկին: Արտաքին գործերու նախարարը նկատած է, որ Պաքուի առաջարկած կէտերը ամբողջութեամբ չեն արտացոլեր առկայ խնդիրներու ամբողջ օրակարգը:

«Ինչ վերաբերում է բուն առաջարկներին, ապա երկու երկրներն, ըստ էութեան, դեռեւս 1991 թուականի Դեկտեմբերի 8-ին համատեղ ստորագրելով «անկախ պետութիւնների համագործակցութեան ստեղծման մասին» համաձայնագիրը, արդէն իսկ ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ընդունել են, որ չունեն միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներ», ըսած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Միրզոյեանի խօսքով` հայկական կողմին համար սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ յստակ երաշխաւորուին արցախահայութեան իրաւունքները եւ ազատութիւնները, վերջնականապէս յստակացուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը` շեշտելով, որ ԼՂ հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլ` իրաւունքներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment