Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասի, Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Փաշինեան ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասի, Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ: Անոնք քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը եւ լարուածութեան աճը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովումը` ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման:

Հայաստանի ղեկավարին ու ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի հեռախօսազրոյցին ժամանակ անդրադարձ եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման, տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան:

Անոնք խօսած են նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու, այդ շարքին` Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը եւս շօշափուած են, կարեւորուած է ռազմավարական երկխօսութեան շարունակականութեան ապահովումը` տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ փոխգործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment