Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Պատասխանած Է Պաքուի Առաջարկներուն Եւ Դիմած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

Երեւանը Պատասխանած Է Պաքուի Առաջարկներուն Եւ Դիմած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

by MassisPost

Երեւանը պատասխանած է Պաքուէն փոխանցուած առաջարկներուն եւ դիմած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար` ՄԱԿ Կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ Քաղաքացիական Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնագրի եւ Հելսինքիի Եզրափակիչ Վճիռի հիման վրայ, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, առանց յստակացնելու` ընդունա՞ծ, թէ՞ մերժած են Պաքուի առաջարկները:

Այս յայտարարութեան յաջորդեց Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ Պաքուն ներկայացուցած է հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթի նախագիծին մէջ 5 սկզբունքները.

– Կողմերը փոխադարձաբար կը ճանչնան երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անքակտելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը իրարմէ,

– Կողմերը կը հաստատեն, որ իրար նկատմամբ չունին տարածքային ոտնձգութիւններ եւ կը ստանձնեն ապագային նոյնպէս նման ոտնձգութիւններէ հրաժարելու իրաւական պարտաւորութիւն,

– Կողմերը կը պարտաւորուին միջազգային յարաբերութիւններու մէջ զերծ մնալ սպառնալիքէ իրար անվտանգութեան նկատմամբ, զերծ մնալ սպառնալիքէ եւ ուժէ իրար քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ այլ հանգամանքներէ, որոնք կը հակասեն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան,

– Կողմերը կը պարտաւորուին սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնել եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել,

– Կողմերը կը պարտաւորուին բանալ ճանապարհային ուղիները եւ հաղորդակցութիւնները, հաստատել համապատասխան այլ հաղորդակցութիւններ եւ համագործակցութիւն՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միւս բնագաւառներուն մէջ:

Արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով աւելի առաջ խօսած էր խաղաղութեան հիմնարար փաստաթուղթի ստորագրման առաջարկի մասին` յոյս յայտնելով, որ «Հայաստանը հեշտութեամբ կ’ընդունի ատրպէյճանական նոր փաստաթուղթը»: Ընդ որում, Ճէյհուն Պայրամով յիշատակած էր Ատրպէյճանի նախագահը, որ, ըստ անոր, բազմիցս յայտնած է, որ պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վրայ:

Պաշտօնական Պաքուն պատերազմի աւարտէն ի վեր կը յայտարարէ, թէ ղարաբաղեան հարցը կարգաւորուած է, Մինսքի խմբակն ալ գոյութիւն չունի: Բանակցութիւններն ալ մեծ հաշուով փակուղիի մէջ են. Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում ընդհանրապէս չէ եղած, արտաքին գործերու նախարարներն ալ թէեւ հանդիպած են, բայց բուն հակամարտութեան հանգուցալուծման անդրադարձ չէ եղած, միջնորդներն ալ մինչեւ այժմ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու հնարաւորութիւն չեն ունեցած:

Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ սկսելու համար Երեւանը այսօր շեշտադրած է հելսինքեան եզրափակիչ վճիռը, անոր երեք հիմնական դրոյթներն են` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment