Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դաւիթ Գալստեանը Միջոցներու Ձեռնարկած է Պատճառուած Վնասին Ամբողջ Չափը Վերականգնելու Ուղղութեամբ

Դաւիթ Գալստեանը Միջոցներու Ձեռնարկած է Պատճառուած Վնասին Ամբողջ Չափը Վերականգնելու Ուղղութեամբ

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ միւսներուն վերաբերեալ գործով ամբաստանեալ Դաւիթ Գալստեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորումը ՀՀ Վերաքննիչ Քրէական Դատարանի 2022 թուականի Մարտ 14-ի որոշմամբ փոխուած է եւ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է 50 միլիոն ՀՀ դրամ գրաւը:

«Նկատի ունենալով, որ ամբաստանեալ Դաւիթ Գալստեանն արդէն իսկ միջոցներ է ձեռնարկել մեղսագրուող յանցագործութեամբ պատճառուած վնասի ամբողջ չափը` աւելի քան 2 միլիառ 700 միլիոն ՀՀ դրամ գումարը վերականգնելու ուղղութեամբ, մեղադրողները նրա նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը փոփոխելու դէմ չեն առարկել», ֆէյսպուքեան իր էջով նշած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Ըստ ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան` Դաւիթ Գալստեանին պատկանող «Մոսսթոն Էնճինիրինկ» ընկերութիւնը Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ կնքած էր պայմանագիր` պարտաւորուելով 2018 թուականին բանակին մատակարարել 1983-86 թուականներու արտադրութեան հրանօթի համապատասխան տրամաչափի արկեր: Բայց մատակարարած է 1977 թուականի չեխական արտադրութեան մէկ այլ տեսակի հրանօթի արկեր, որ էապէս զիջած են մարտավարական յատկանիշերով, եւ զանոնք կիրառելու պարագային անհնար եղած է լուծել մարտական խնդիրներ: Սեպտեմբեր 30-էն Գալստեանը կալանաւորուած էր:

Ըստ ԱԱԾ-ի, անոր ղեկավարած ընկերութիւնը 2018 թուականին Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յափշտակած է մէկ միլիոն տոլարի չափ գումար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment