Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Յառաջիկային Թերեւս Դիմէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Բանակցութիւններ Նախաձեռնելու Հարցով

Հայաստանը Յառաջիկային Թերեւս Դիմէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Բանակցութիւններ Նախաձեռնելու Հարցով

by MassisPost

Հայաստանը յառաջիկային կրնայ դիմել ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով:

Այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան:

Լրագրողին հարցին, թէ՝ Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին, նման յայտարարութիւններ ըրած է նաեւ Ատրպէյճանը, արդեօք այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր կը ձեռնարկուի՞ն:

Յունանեան պատասխանած է. «Պայմանագրի ստորագրմանը, բնականաբար, պէտք է նախորդի այդ թեմայով բանակցային գործընթացը, ու քանի որ փոխադարձ յայտարարութիւնները մինչեւ օրս յստակ բանակցային գործընթացի չեն վերածուել, քանի որ երկու երկրները ուղիղ բանակցութիւնների հարուստ փորձ չունեն, Հայաստանը յառաջիկայում թերեւս կը դիմի միջնորդներին (ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեանը) Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով: Հարցը ներկայումս գտնւում է մշակման փուլում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment