Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Ոլորտին Մէջ Հայաստանի Քայլերը Ոգեւորիչ Են․ ԵԱՀԿ Մամուլի Ազատութեան Հարցով Ներկայացուցիչ

Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Ոլորտին Մէջ Հայաստանի Քայլերը Ոգեւորիչ Են․ ԵԱՀԿ Մամուլի Ազատութեան Հարցով Ներկայացուցիչ

by MassisPost

Կարեւոր է կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումները արդիւնաւէտ յառաջ մղելու նպատակով, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդունելով ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Թերեզա Ռիպէյրօն:

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման բարեփոխումներու օրակարգը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Կարեւորելով նաեւ մամուլի ազատութեան ոլորտին մէջ 2018 թուականէն յետոյ արձանագրուած դրական փոփոխութիւնները` վարչապետը նկատած է, որ վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, այդ շարքին` հեռուստատեսային, ունին ընդդիմադիր ուղղուածութիւն:

ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգեւորիչ ու գնահատելի են, իր հերթին ըսած է Թերեզա Ռիպէյրօն` նշելով, որ ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է նպաստելու նաեւ լրագրողներու փորձի փոխանակման, մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման գործընթացին:

Ընդգծուած է նաեւ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment