Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Սահմաններուն Լարուած Իրավիճակը Կը Պահպանուի

Արցախի Սահմաններուն Լարուած Իրավիճակը Կը Պահպանուի

by MassisPost

Վերջին օրերուն Արցախի սահմաններուն լարուած իրավիճակը կը պահպանուի. Պաքուն, սակայն, կա՛մ կը հերքէ, կա՛մ ալ կը պնդէ, որ հայկական զինուած ուժերը կը խախտեն հրադադարը թէ՛ Արցախի մէջ, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական սահմանին: Օրերս Երասխի մէջ ատրպէյճանական կրակոցէ մէկ հայ զինուոր սպաննուեցաւ, մէկն ալ վիրաւորուեցաւ:

Օրեր շարունակ ականանետեր կը կիրառուէին նաեւ Արցախի Խրամորթ գիւղին մէջ, որու հետեւանքով վիրաւորուած էր բնակիչներէն մէկը: Խրամորթցիները շաբաթներ շարունակ կը պահանջէին, որ ռուս խաղաղապահները այնտեղ մշտական տեղակայուին: Ի վերջոյ անոնք տեղակայուեցան Խրամորթի մէջ: Համայնքապետը փոխանցեց` գիւղին մէջ խաղաղ է:

Գիշերուընէ, սակայն, անհանգիստ էր Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղը:

Արցախի մէջ օրէ օր նաեւ մարդասիրական խնդիրները կ’աւելնան ու չեն կարգաւորուիր: Արդէն 4-րդ օրն է` արցախցիները զրկուած են կազէն, ջեռուցման բացակայութեան պատճառով դպրոցները, մանկապարտէզները վաղուընէ մէկ շաբաթով պիտի չգործեն: Արցախ մտնող միակ կազատարի խողովակը վնասուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ Պաքուն օրեր շարունակ կ’արգիլէ վերանորոգել զայն:

«Արդէն երեւում է, որ երեխաների կրթութեան հոլովոյթը տուժելու է այդ կազատարի հետ կապուած խնդրով պայմանաւորուած: Կայ որոշակի ազդեցութիւն արտադրութիւնների վրայ, հացի արտադրամասերի վրայ, այսինքն` սովորական կենցաղի վրայ, կենսական անհրաժեշտութեան պայմանների ապահովման վրայ կազի բացակայութիւնն ազդում է մեծապէս», ընդգծեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

Արցախէն կը յայտնեն` ատրպէյճանական կողմը այսօր ալ չէ թոյլատրած, որ ռուս խաղաղապահներն ու հայկական կողմի ներկայացուցիչները մօտենան խողովակին ու վերականգնեն կազամատակարարումը: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այս մասին խօսած էր երէկուայ Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:

«Վթարը տեղի է ունեցել նրանց վերահսկողութեան տարածքում` դիրքի հարեւանութեամբ, եւ խանգարում են մեզ մօտենալ, պարզ է, որ կա՛մ կազմակերպուած է, կա՛մ եթէ կազմակերպուած չէ, առիթ է դրանով եւս ինչ-որ ձեւով ազդել մեր գիտակցութեան վրայ կամ մեր հոգեբանական վիճակի, մեր պահուածքի վրայ», նշած է Յարութիւնեան:

Խնդիրի կարգաւորման համար ռուս խաղաղապահներու միջոցով բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին, առայժմ` անարդիւնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment