Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուքրանիոյ Պատերազմը Չի Կրնար Հետեւանքներ Չունենալ Հայաստանի Ու Տարածաշրջանին Համար. Մաքրոն

Ուքրանիոյ Պատերազմը Չի Կրնար Հետեւանքներ Չունենալ Հայաստանի Ու Տարածաշրջանին Համար. Մաքրոն

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահը Չորեքշաբթի երեկոյեան Փարիզի մէջ «Յաւակնութիւններ. Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովին իր ելոյթը սկսաւ ռուս-ուքրանական պատերազմին մասին խօսելով: Ռուսաստանը պատերազմը բերաւ Եւրոպա, եւ այդ չի կրնար հետեւանքներ չունենալ Հայաստանի ու ամբողջ տարածաշրջանին համար, շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն` նշելով, որ այս հարցը քննարկած է Հայաստանի վարչապետին հետ:

«Պէտք է աչալուրջ ըլլալ: Այս իրավիճակին մէջ պէտք չէ մոռնանք 2020 թուականի աշունը: Այստեղ ալ ամէն ինչ լուծուած չէ եւ շատ ընելիքներ կան», յայտարարեց նախագահ Մաքրոն:

Հայաստանի վարչապետին աշխատանքային այցը Ֆրանսա Մարտ 9-ի երեկոյեան աւարտեցաւ: Մաքրոնը Փաշինեանը նախ ընդունեց Էլիզէի պալատին մէջ, ապա երկու ղեկավարները մասնակցեցան հայ-ֆրանսական համաժողովին, ուր երկուքն ալ ելոյթ ունեցան:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ֆրանսայի` Հայաստանին յայտնած համերաշխութիւնը: «Մասնաւորապէս, կը ցանկանայի յիշեցնել, որ նախագահ Մաքրոնը համաշխարհային առաջնորդներից առաջինն էր, ով յստակ եւ անկողմնակալ գնահատական տուեց տեղի ունեցած իրադարձութիւններին: Նոյն կերպ ֆրանսական հասարակութիւնը նեցուկ կանգնեց Հայաստանին ամենադժուար պահին, ինչն արտայայտուեց նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային Ժողովի` ի պաշտպանութիւն արցախահայութեան իրաւունքների ընդունած բանաձեւերում», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը:

Խօսելով Արցախեան հարցին մասին` Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ Ֆրանսայի ու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն միջնորդական ջանքերով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ կը նպաստեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:

«Այս ծիրին մէջ կը ցանկանայի վերահաստատել Հայաստանի բարձր գնահատականը Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահի, կարեւոր դերակատարութեանը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում, եւ յոյս յայտնել, որ միւս համանախագահների հետ համատեղ միջնորդական ջանքերը թոյլ կու տան խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանում եւ նպաստել հաղորդակցութեան ուղիների բացմանը ու տնտեսական համագործակցութեան խթանմանը»,  նշեց վարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցով կը գտնուէր Ֆրանսա: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին արտաքին գործերու, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարարներն ու այլ պաշտօնեաներ:

Մաքրոն Փաշինեանը Ֆրանսա հրաւիրած էր Մարտ 4-ին, երբ ուղերձ յղած էր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment