Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էլիզէի Պալատին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Վարչապետ Փաշինեանի Եւ Նախագահ Մաքրոնի Հանդիպումը

Էլիզէի Պալատին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Վարչապետ Փաշինեանի Եւ Նախագահ Մաքրոնի Հանդիպումը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները կարեւորած են Փարիզի մէջ «Յաւակնութիւններ` Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովին կայացումը եւ համոզմունք յայտնած են, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման:

Կողմերը ընդգծած են, որ փոխվստահութեան եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական փոխգործակցութիւնը յառաջիկային նոր թափով պիտի զարգանայ` համատեղ տարբեր նախագիծերու քննարկմամբ ու իրականացմամբ:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգիռ է ֆրանսական առեւտուրի` հայաստանեան շուկային մէջ ներկայացուածութեան ընդլայնմամբ: Կարեւորուած է  տնտեսութեան այնպիսի ճիւղերու մէջ փոխգործակցութիւնը, ինչպիսիք են` ենթակառուցուածքները, զբօսաշրջութիւնը, ջրամբարաշինութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը եւ այլն:

Pashinyan-Macron-Paris-03-09

Էմանուէլ Մաքրոն իր հերթին ընդգծած է բարեկամ Հայաստանի հետ տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ կապերը խորացնելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրուածութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը: Վարչապետը անթոյլատրելի համարած է իրավիճակը լարելու իւրաքանչիւր փորձ եւ նշած է, որ ինչպէս Արցախի մէջ, այնպէս ալ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանը կը շարունակէ սադրիչ գործողութիւնները, որու հետեւանքով հայկական կողմը Մարտ 7-ին ունեցած է մէկ զոհ եւ վիրաւոր:

Զրուցակիցները կարեւորած են Լեռնային Ղարաբածի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն անդրադարձած են նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment