Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կը Քննադատէ Մոսկուան «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումէն Չհրաժարելու Համար

Պաքուն Կը Քննադատէ Մոսկուան «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումէն Չհրաժարելու Համար

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կը քննադատէ Մոսկուան «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումէն չհրաժարելու համար:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը անթոյլատրելի համարած է մասնաւորապէս Ռուսաստանի Պաշտպանական Վերահսկողութեան Ազգային Կեդրոնի ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Միխայիլ Միզինցեւի խօսքերը, որ Ուքրանիոյ` ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք նաեւ «14 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանք մատակարարուած է Լեռնային Ղարաբաղէն»:

«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող վարչատարածքային միաւոր չկայ: Ռուսաստանի Դաշնութեան յայտարարութիւնները, որոնք բազմիցս կատարուած են ամենաբարձր եւ բարձր մակարդակներով, հաստատած են աջակցութիւնը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան: Միաժամանակ, այս դիրքորոշումը ամրագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համապատասխան փաստաթուղթերուն մէջ», յիշեցուցած են Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութենէն:

Պաքուն նաեւ կը պնդէ` «նման յայտարարութիւնները կրնան վնասել ատրպէյճանա-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ յանգեցնել իրավիճակի սրման Ատրպէյճանի այն տարածքներուն մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment