Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Պաշպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ատրպէյճանական Դիրքերու Ուղղութեամբ Կրակոցներու Վերաբերեալ Պաքուի Պնդումները

ՀՀ Պաշպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ատրպէյճանական Դիրքերու Ուղղութեամբ Կրակոցներու Վերաբերեալ Պաքուի Պնդումները

by MassisPost

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել հայ-ատրպէյճանական սահմանի այս կամ այն հատուածին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու կողմէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալու վերաբերեալ, կը յայտնէ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:

Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդած է, թէ առաւօտեան ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս տեղեկութիւնը նոյնպէս չի համապատասխաներ իրականութեան, կը յայտնէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը` նշելով․ «Մարտի 7-ին, սահմանի նոյն ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի իրականացրած սադրանքից յետոյ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է ՀՀ Զինուած Ուժերի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment