Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Կողմի Կրակոցէն Երկու Զինուոր Վիրաւորուած է, Մէկը Հիւանդանոցի Ճանապարհին Մահացած Է

Ատրպէյճանական Կողմի Կրակոցէն Երկու Զինուոր Վիրաւորուած է, Մէկը Հիւանդանոցի Ճանապարհին Մահացած Է

by MassisPost

Երկուշաբթի օր կէսօրուան ժամը 12:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի Զինուած Ուժերու երկու զինուոր, կը յայտնէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան, զինուորներէն մէկը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, սերժանթ Հրաչ Արամի Մանասարեանը, հիւանդանոց տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է, վիրաւորում ստացած միւս զինուորի կեանքին, ըստ Նախարարութեան, վտանգ չի սպառնար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment