Խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը կառավարութեան օրակարգային առաջնահերթութիւններէն է, արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութեան, ըսած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան` շեշտելով, որ Հայաստանը քանի մը անգամ բարձրագոյն մակարդակով այդ մասին յայտարարած է:
«Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու ռազմավարութիւն է որդեգրել եւ, բնականաբար, այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն է դրսեւորում», իր մեկնաբանութեսն մէջ ըսած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուի` Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, թէ «թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն ամրապնդումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման»` այդ ծիրին մէջ վերստին շեշտելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի կարեւորութիւնը, Յունանեան նախ Հայաստանի համար անհասկնալի համարած է այս խօսոյթը` ընդգծելով, որ ասոր մասին գիտեն բոլորը:
«Միւս կողմից` տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացումը նոյնպէս կառավարութեան առաջնահերթութիւններից է, եւ այս ուղղութեամբ ճշգրիտ քայլեր են ձեռնարկւում, այդ թւում` «Հայկական Խաչմերուկ» նախագծի շրջանակներում», ըսած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը: