Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմին Զոհուած Զինուորներուն Եղբայրները Եւ Որդիները Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենան Ազատուելու Զինուորական Ծառայութենէն

Պատերազմին Զոհուած Զինուորներուն Եղբայրները Եւ Որդիները Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենան Ազատուելու Զինուորական Ծառայութենէն

by MassisPost

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան կ’առաջարկէ պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատել պատերազմին զոհուած զինուորներու եղբայրներն ու որդիները:

Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացնելով «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն  կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը` Հայկ Սարգսեան նշեց, որ այն զօրակոչիկները, որոնք ունին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայր, մայր, քոյր կամ եղբայր, հնարաւորութիւն պիտի ունենան ազատուելու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն:

Պատգամաւորին խօսքով` գործող կարգաւորումներով զինուորական ծառայութենէն ազատուելու պարտադիր պայման կը հանդիսանայ նաեւ ընտանիքին միակ արու զաւակ ըլլալը:

«Ունենք հայ-ատրպէյճանական քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմում զոհուած զինուորների կրտսեր եղբայրներ, ովքեր ենթակայ են պարտադիր զինուորական ծառայութեան, քանի որ ընտանիքի միակ արու զաւակը չեն: Նրանցից շատերի ծնողները գտնւում են ծանր հոգեբանական եւ ընկերային վիճակում եւ չեն ցանկանում, որպէսզի իրենց կրտսեր որդիներին նոյնպէս ուղարկեն պարտադիր զինուորական ծառայութեան: Նրանց կեանքը յանուն հայրենիքի զոհաբերած մեր հայրենակիցների ընտանիքի անդամների նկատմամբ մեր խորին յարգանքը եւ բարոյական պարտքը մեզ պարտաւորեցնում է պարտադիր զինուորական ծառայութիւնից ազատելու հնարաւորութիւն տալ նաեւ նրանց ընտանիքի միւս անդամներին», ըսաւ Սարգսեան:

Ըստ Սարգսեանի` այս քայլին շնորհիւ զոհուած զինուորներու ընտանիքին անդամները աւելի հեշտ պիտի յաղթահարեն հոգեբանական եւ իրենց առջեւ ծառացած ընկերային խնդիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment