Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուքրանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Աշխատակիցները Քիեւէն Տեղափոխուած Են Լվով Եւ Ուժկորոտ

Ուքրանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Աշխատակիցները Քիեւէն Տեղափոխուած Են Լվով Եւ Ուժկորոտ

by MassisPost

Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աշխատակիցները Քիեւէն տեղափոխուած են Լվով եւ Ուժկորոտ, ուրկէ պիտի շարունակեն ամբողջ ծաւալով աշխատիլ ու սպասարկել ՀՀ քաղաքացիներուն, կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը:

«Ընդգծենք, որ Ուքրանիայում ՀՀ դեսպանութիւնը եզակի դեսպանութիւններից է, որ այս ողջ ընթացքում ամբողջ կազմով աշխատել եւ սպասարկել է մեր հայրենակիցներին, եւ շարունակելու է դա անել արդէն նոր տեղակայման վայրերից», ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ ապրող հայերուն թիւը, ըստ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին, կը հասնի 400 հազարի, անոնց գրեթէ կէսը Հայաստանի քաղաքացի է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment