Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի սկսած պատերազմի պայմաններուն մէջ բարդ վիճակի մէջ յայտնուած են Ռուսաստանի քաղաքացիները: Անոնցմէ շատերը այժմ կը մտածեն երկրէն ժամանակաւոր կամ մշտական հեռանալ, իրենց առեւտրային ընկերութիւնը տեղափոխել:
Վերջին օրերուն Հայաստանի քաղաքացիները Երեւանի փողոցներուն մէջ մեծ թիւով ռուսաստանցիներ կը նկատեն: Միայն Մարտ 3-ին, համաձայն «Զուարթնոց» օդակայանի կայքին, Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներէ 19 չուերթ իրականացուած է դէպի Երեւան:
Ֆէյսպուքի, Թելեկրամի եւ այլ հարթակներու վրայ հարիւրաւոր հարցումներ կը հրապարակուին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ժամանել Երեւան եւ տեղաւորուիլ, տեղափոխել առեւտրային ընկերութիւնը, հաշիւ բանալ դրամատուներուն մէջ եւ այլն:
Կանոնաւոր թռիչքներէն բացի, արդէն չարթերային թռիչքներ կը կազմակերպուին ֆէյսպուքեան յայտարարութիւններու միջոցով եւ տեղերը շատ արագ կը սպառին: Տոմսին գինը 100 հազար ռուպլի է: