Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սխալեցաւ Արդեօ՞ք Ռուսաստանի Նախագահը

Սխալեցաւ Արդեօ՞ք Ռուսաստանի Նախագահը

by MassisPost

Ռուսական բանակը սկսաւ իր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները Ուքրանիոյ դէմ: Շատ-շատեր անակնկալի եկան նախագահ Վլատիմիր Փութինի այս քայլով, խորհելով թէ Միացեալ Նահանգներն է որ, պատերազմի մասին անդադար ահազանգ հնչեցնելով կը սրէր իրավիճակը, իսկ Մոսկուա պարզապէս կը փորձէր զիջումներ ձեռք ձգել Արեւմուտքէն ու կանխել Ուքրանիոյ մուտքը ՆԱԹՕ-ի ռազմական դաշինքէն ներս: Սակայն, Սպիտակ Տան կանխատեսումները այս անգամ ճիշդ դուրս եկան ու Եւրոպայի սրտին մէջ բռնկեցաւ նոր պատերազմ:

Նախ պէտք է արձանագրել որ, յարձակման հրահանգը արձակելու պահուն Փութինի տուած պատճառաբանութիւնները համոզիչ չէին: Ուքրանիան անմիջական վտանգ չէր ներկայացնէր Ռուսաստանի համար եւ ո՛չ ալ այդ երկիրը կը ղեկավարուի նէյո-նացիստներով ու թմրամոլներով:

Պատերազմական գործողութիւններու  սկսելէն շաբաթ մը ետք, Ռուսական բանակը տակաւին չէ կարողացած չէզոքացնել անհամեմատ աւելի տկար Ուքրանական բանակը եւ ոչ ալ կարողացած է գրաւել մայրաքաղաքը, հոն հաստատելու համար Մոսկուայի բարեկամ կառավարութիւն: Անպատասխան մնաց նաեւ  Փութինի  կոչը ուղղուած  Ուքարնական բնակին՝ ստանձնելու իշխանութիւնը: Յառաջիկայ օրերուն եւ կամ շաբաթներուն այդ նպատակները կրնան իրականանալ, սակայն ի գին մեծ թիւով զոհերու:  Նոյնիսկ այդ պարագային երաշխաւորուած չէ  որ, Մոսկուա պիտի կարողանայ Ուքրանիան ենթարկել իրեն: Երկիր գրաւելը մէկ բան է, զայն վերահսկելը մէկ այլ բան, ինչպէս ցոյց տուին Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմները: Երկու տեղերուն մէջ ալ, սկզբնական շրջանին Ամերիկեան զօրքերը դիմաւորուեցան ծաղիկներով, սակայն հետագային դարձան թիրախ  յարձակումներու: Ուքրանիոյ պարագային կը թուի թէ Ռուսական զօրքերուն ծաղիկներով դիմաւորողներ շատ չկան, ընդհակառակը կամաւորական ջոկատներ կը պատրաստուին պաշտպանելու իրենք երկիրը:

Փութինի սկսած պատերազմը Ռուսաստանը ենթարկեց միջազգային աննախադէպ պատժամիջոցներու, արագօրէն ազդելով տնտեսութեան բազմաթիւ ճիւղերուն վրայ: Չբաւարարուելով տնտեսականով Ռուսաստան յայտնուեցաւ նաեւ քաղաքական, մարզական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մեկուսացման մէջ:

Միւս կողմէ, Փութին «յաջողեցաւ» իր դէմ լարել ամբողջ եւրոպան, ուր տակաւին թարմ են մօտ անցեալի  յիշատակները, երբ Գերմանիա գրաւեց Լեհաստանը, ուրկէ եւ սկիզբ առաւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը: Եւրոպական այլ երկիրներ մտահոգուած են որ, Ուքրանիան դիւրութեամբ «մարսելէ» ետք, կարգը կրնայ հասնիլ նաեւ իրենց: Այդ պատճառաւ, բոլորը միացած են տնտեսական պատժամիջոցներուն, իսկ ոմանք ռազմական, հետախուզական, տնտեսական եւ այլ տեսակի օժանդակութիւններ կը փութացնել Քիեւին, կարելի եղածին չափ դանդաղեցնելու համար Ռուսական յառաջխաղացումը,  առաւելագոյն վնաս հասցնելու անոր բանակին ու զսպելու Փութինի «ախորժակները»:

Նախագահ Փութինի քայլը պաշտպանողներ գրեթէ չկան այսօր: Լաւագոյն պարագային լռութիւն պահող երկիրներ կան, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը,  որ կը գտնուի շատ նուրբ կացութեան առջեւ: Մէկ կողմէ Ռուսաստան կը նկատուի  Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը եւ տնտեսական գլխաւոր գործընկերը, միւս կողմէ կան Արեւմտեան երկիրները, որոնց հետ եւս Երեւան ունի շատ լաւ կապեր եւ կը մշակէ սերտ յարաբերութիւններ: Բոլոր կանխատեսումները այնպիսին են, որ Ռուսաստանի դէմ գործի դրուած պատժամիջոցները բացասականօրէն  պիտի ազդեն Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Հետեւանքներու տարողութիւնը ի յայտ պիտի գայ յառաջիկային: Եթէ Ռուսաստան կարողանայ շրջանցել պատժամիջոցները ու դիմանալ այդ ճնշումներուն, Հայաստան աւելի նուազ կրնայ ազդուիլ, սակայն եթէ ռուսական դրամանիշը շարունակէ իր անկումը ու աշխատանքի շուկան փոքրանայ, շատ մը Հայաստանցիներ ստիպուած պիտի ըլլան վերադառնալ Հայրենիք՝ զրկուելով եկամուտի իրենց աղբիւրներէն: Նոյն է պարագան Ուքրանիա հաստատուած Հայերուն, որոնց թիւը կը գնահատուի շուրջ 400 հազար, ու անոնցմէ շատեր եւս կը պատրաստուին գալ Հայաստան:

Միւս կողմէ կան նաեւ դրական ազդակներ: Ռուսական կարգ մը ընկերութիւններ, յատկապէս բարձր արհեստագիտական (Թեքնոլոճիի) ոլորտի մէջ, սկսած են իրենց գործերը տեղափոխել Հայաստան, որպէսզի կարողանան շարունակել արեւմտեան շուկաներու հետ  իրենց գործակցութիւնը:

Արեւմուտքի մէջ կան վերլուծաբաններ, որոնց կարծիքով Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ դառնալ Փութինի իշխանութեան աւարտի սկզբնաւորութիւնը: Ինչպէս որ ալ զարգանայ դրութիւնը ռազմադաշտի վրայ, երկարաժամկէտ մեկուսացումը մեծապէս պիտի հարուածէ Ռուսաստանի տնտեսութեան, անոր քաղաքացիներու կենսամակարդակին  ու երկրի միջազգային հեղինակութեան:

Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ արդեօ±ք սխալեցաւ Ռուսաստանի նախագահը: Ժամանակը պիտի գայ տալու այդ հարցին պատասխանը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment