Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրապետութեան Նախագահին Լիազօրութիւնները Բաւական Են, Որպէսզի Ինք Լիարժէք Հանդէս Գայ Որպէս Իշխանութեան Գլուխ. ՀՀ Նախագահի Թեկնածու

Հանրապետութեան Նախագահին Լիազօրութիւնները Բաւական Են, Որպէսզի Ինք Լիարժէք Հանդէս Գայ Որպէս Իշխանութեան Գլուխ. ՀՀ Նախագահի Թեկնածու

by MassisPost

Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու պոյքոթի պայմաններուն մէջ Ազգային Ժողովը քննարկեց Հանրապետութեան 5-րդ նախագահի ընտրութեան հարցը: Քուէարկութիւն ալ եղաւ, բայց իշխանութիւնը նախընտրեց արդիւնքները այսօր չհրապարակել` թերեւս հաշուի առնելով հանգամանքը, որ ՔՊ-ի ձայներով իշխող ուժի առաջադրած թեկնածուն չէր կրնար նախագահ ընտրուիլ: Պիտի ըլլայ երկրորդ փուլ:

62-ամեայ Վահագն Խաչատուրեանը քաղաքական խմբակի անդամ է, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ անցեալ տարուայ Օգոստոսէն կը զբաղեցնէ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը: 90-ականներուն` Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն, եղած է Երեւանի քաղաքապետ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր: 2000-ականներու սկիզբէն քաղաքացիական ու քաղաքական գործունէութիւն ծաւալած է, ըլլալով նաեւ առաջին նախագահի ղեկավարած ՀԱԿ-ի անդամ: Միակ թեկնածուն զգացուած էր, որ արժանացած է այդ պատիւին:

Ելոյթը իշխող ուժին շնորհակալութիւններով սկսաւ. «Իմ տարիքը մի գուցէ այնպիսին էր, որ ես այսպիսի յուզումնալից պահեր պէտք է չապրէի»:

Ի տարբերութիւն Արմէն Սարգսեանի, որ գրեթէ 4 տարի պաշտօնավարեց, իսկ հրաժարական տալու ժամանակ յայտարարեց, որ չունի «անհրաժեշտ գործիքներ` ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքական գործընթացների վրայ», Խաչատուրեանը հաշտ է նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւններուն հետ, նոյնիսկ կը կարծէ, որ անոնք բաւարար են նախագահի հիմնարկի կայացման համար. «Երբ որ հարցը լուծուած է, պէտք է ուղղակի կատարէք այդ պարտականութիւնները: Հանրապետութեան նախագահի դերը այս Սահմանադրութեան շրջանակներում, լիազօրութիւնները բաւականին են, որպէսզի ինքը լիարժէք հանդէս գայ որպէս իշխանութեան գլուխ»:

Վարչապետ Փաշինեան աւելի առաջ յայտարարած էր, թէ նախագահը պէտք է ներդաշնակ աշխատի կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան հետ:

Նախագահին ընելիքներուն մասին իր պատկերացումները ներկայացնելով, թեկնածուն յայտարարեց` նախագահը պէտք է դառնայ կառավարութեան ծրագրային դիրքորոշումներու իրականացման անմիջական մասնակիցը: Ընտրուելու պարագային, ըսաւ, պիտի աջակցի իշխանութեան յայտարարած խաղաղութեան օրակարգին. «Մենք ունենք հարեւաններ եւ հարեւանների հետ պէտք է կարողանանք խաղաղ ապրել»:

Դրական, ուղղակի անհրաժեշտ համարելով 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը` Խաչատուրեանը հարկ համարեց գնահատական տալ նախկին կառավարիչներուն. «Խօսքը վերաբերում է նախկին երեսուն տարիներին եւ յատկապէս վերջին քսան տարիներին: Դրանք իւրայատուկ դաս են բոլորիս համար, թէ ինչպէս պէտք չի երկիրը կառավարել: Ամենամեծ խնդիրը, որ Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ ունեցել է ե՛ւ Ազգային Ժողովը` դուք եւ նախկինը, ե՛ւ կառավարութիւնը` այսօրուայ եւ նախկինը, կայացել է նրանում, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում պետական հիմնարկները աւերուած են եղել: Շատ մտածուած է եղել»:

Առաջնային համարեց երկրի անվտանգութեան խնդիրը: Կարծիք յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահին առաքելութիւններէն է նաեւ համերաշխութեան ապահովումը:

Քննարկումներուն չմասնակցող ընդդիմութիւնը պարբերաբար կը բարձրաձայնէ, թէ Խաչատուրեանը պիտի ըլլայ մէկ` իշխող ուժի նախագահը:

ՔՊ-էն Արսէն Թորոսեանը փափաքեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանը պարզաբանէ. «Դուք ի վերջոյ պատրաստւում էք լինել միայն մե՞ր նախագահը, թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիների»:

«Ես համոզուած եմ, որ դուք չէք ուզում, որ ես լինեմ միայն ձեր նախագահը: Դուք էլ համոզուած եղէք, որ ես չեմ ուզում լինել միայն ձեր նախագահը», ի պատասխան ըսաւ Վահագն Խաչատուրեանը:

Ընդդիմադիր պատգամաւորները դահլիճը լքեցին քննարկման սկիզբը` պոյքոթի պատճառները ներկայացնելով արդէն նիստերու դահլիճէն դուրս:

Ըստ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի, գործընթացը օրինականացնելու ցանկութիւն չեն ունեցած. «Ընդդիմութեան մասնակցութիւնը օրինականացնելու է հերթական այն քայլը, որ պետութեան գլուխը լինելու է ինչպէս Ազգային Ժողովն է գործադիրի կցորդը, այնպէս էլ Հանրապետութեան նախագահն է լինելու այսօրուայ գործադիրի կցորդը»:

Իր փաստարկը ներկայացուց նաեւ Հայկ Մամիջանեանը («Պատիւ Ունեմ»). «Պարոն Խաչատուրեանը Հանրայինի եթերում բառացի ասել է` ես այս քաղաքական թիմի անդամ եմ: Վերկուսակցական իրաւարար, անաչառութիւն, զսպումներ-հակակշռումներ, այս ամէն ինչը մոռացւում է այդ նախադասութիւնից յետոյ»:

Ընդդիմադիրները չբացառեցին Հանրապետութեան նախագահին հետ ինչ-ինչ իրավիճակներու մէջ աշխատանքը: Խաչատուրեանն ալ կ’ըսէր` պիտի փորձէ քաղաքական երկխօսութեան համար հարթակ դառնալ, պատրաստ է անոնց հետ հանդիպելու: Ընտրութենէն առաջ, սակայն, Խաչատուրեանը ընդդիմադիրներուն հետ հանդիպում չնախաձեռնեց:

Իշխանութեան հետաքրքիր էր Խաչատուրեանի տեսակէտը ընդդիմութեան բացակայութեան վերաբերեալ: Խաչատուրեան կիսեց իշխանականներուն տեսակէտը, թէ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ գործընթացը ոչ-օրինական դարձնել. «Իրենց պահուածքն էլ եմ գնահատում: Քաղաքական դիրքորոշում է: Իրենց այս քայլով մի գուցէ փորձ է իշխանութեան ոչ-օրինականացնելու խնդիր դնել: Բայց մի կարեւոր հանգամանք կայ. ի վերջոյ, այստեղ նստածներին` Ազգային Ժողովին ընտրել է ժողովուրդը»:

Իշխանութիւնը Խաչատուրեանէն աւելին կ’ակնկալէ, ինչպէս Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ` անոր նախագահութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն պիտի ըլլայ ընդդիմութիւնը կառուցողական դաշտ բերելը, հանրութեան մէջ միասնութիւն հաստատելը. «Ո՞րն է իմաստը այս դատարկութեան` բառիս ֆիզիքական եւ բովանդակային իմաստներով: Իսկ իմաստը, ըստ իս, հետեւեալն է. մեր ընդդիմադիր գործընկերները ուղղակի չէին կարող գտնել նախագահի այլընտրանքային թեկնածու»:

ՔՊ-ն յայտարարած է, որ միաձայն պիտի ընտրէ Խաչատուրեանը, բայց հաշուի առնելով ընդդիմութեան չմասնակցութիւնը, թեկնածուն առաջին փուլով նախագահ չէր կրնար ընտրուիլ: Առնուազն 81 ձայն պէտք է, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին մէջ 71 պատգամաւոր կայ:

Արդիւնքները վաղը պիտի յայտարարուին ու պիտի սկսի ընտրութեան երկրորդ փուլը, որու ընթացքին Վահագն Խաչատուրեանը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ընտրուի նախագահի պաշտօնին: Այս պարագային պէտք է 65 ձայն, որ իշխող խմբակցութիւնը արդէն կրնայ ապահովել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment