Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Մերժեց Կասեցնել Քոչարեանի Գործին Քննութիւնը Եւ Դիմել Սահմանադրական Դատարան

Դատարանը Մերժեց Կասեցնել Քոչարեանի Գործին Քննութիւնը Եւ Դիմել Սահմանադրական Դատարան

by MassisPost

Դատարանը մերժեց կասեցնել Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործին քննութիւնը եւ դիմել Սահմանադրական Դատարան:

Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանը անցեալ դատական նիստին միջնորդած էր դատաւոր Աննա Դանիբեկեանին` դիմել Սահմանադրական Դատարան, յայտարարելով որ դատաւորը իրաւունքի ունի պարզաբանելու մեղադրանքը դատախազներուն ներկայացուցած մեղադրականի շրջանակին մէջ, բայց երբ այն հասկնալի չէ մեղադրեալին համար, դատաւորը չի կրնար դուրս գալ ներկայացուած բնագրի ծաւալէն եւ այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնել: Փաստաբանը դատաւորին առաջարկած էր այս փուլին կասեցնել գործին քննութիւնը եւ դիմել Բարձր Դատարան` այս խնդիրը հանգուցալուծելու համար:

Քոչարեանն ալ նիստին ընթացքին պնդած էր, որ այս ամբողջ ընթացքին, բազմաթիւ նաեւ հրապարակային ելոյթներու մէջ, ըսած է, որ չի հասկնար, թէ ինչի մէջ կը մեղադրենք զինք:

Հայկ Ալումեանը, վկայակոչելով նաեւ Եւրոպական Ուխտը, ըսած էր, որ մեղադրեալը հանգամանօրէն պէտք է տեղեկացուի իրեն ներկայացուած մեղադրանքի բնոյթին եւ հիմքին մասին:

«Միջնորդութեան առարկան է օրէնսդրական բացը, այն է` Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքը քրէական գործով վարոյթ իրականացնող դատարանին չի տալիս հնարաւորութիւն պարզաբանելու ամբաստանեալին առաջադրուած մեղադրանքն այն դէպքերում, երբ այդ մեղադրանքը շարադրուած է ոչ-պարզ ձեւով», յայտարարած էր Ալումեան:

Մեղադրող դատախազները, սակայն, դատարանին խնդրած էին մերժել միջնորդութիւնը: Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Գէորգ Պաղտասարեանը, հակադարձելով Քոչարեանին ու անոր պաշտպաններուն, նշած էր, որ մեղադրանքը աւելի քան յստակ է եւ պարզ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment