Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան Ատանայի Ջարդերը Կը Վերլուծէ Անգլերէն Նոր Հատորի Մը Մէջ

Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան Ատանայի Ջարդերը Կը Վերլուծէ Անգլերէն Նոր Հատորի Մը Մէջ

by MassisPost

Վերջերս, Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատունը թղթակազմ, լաթակազմ եւ ելեկտրոնային տարբերակներով լոյս ընծայած է դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի գիրքը 1909ի Ատանայի ջարդերուն մասին, որ աւելի քան 15 արխիւներու մէջ կատարուած տասնամեայ մանրակրկիտ հետազօտութեան մը արդիւնքը կը խտացնէ։

“The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early Twentieth Century” (Ատանայի սարսափները. յեղափոխութիւն եւ բռնութիւն վաղ քսաներորդ դարուն) հատորը կը քննէ 1909ի երկու իրերայաջորդ ջարդերը, որոնք Ատանայի նահանգը ցնցած են, աւելի քան 20.000 հայ եւ 2.000 մուսուլման սպաննելով։ Ջարդէն ետք, Ատանայի լուսանկարները երբեմնի բարգաւաճ քաղաքին աննախընթաց աւերումին խօսուն վկան դարձած են։ Հայերու խանութներ, եկեղեցիներ, թաղամասեր եւ բնակարաններ լրիւ քանդուած էին։ Ատանայէն ծայր տուած բռնութիւնը շուտով տարածուած էր նահանգին մէջ ու յորդած դէպի արեւելք՝ Հալէպի նահանգը։ Զոհերու թիւի իմաստով, Ի. դարու սկզբնաւորութեան երրորդ ամենամեծ բռնութեան արարքն էր, որ կը հետեւէր Չինաստանի Պոքսեր ապստամբութեան (1899-1901) եւ Հարաւ-արեւմտեան Ափրիկէի գերմանական գաղութին մէջ հերերօ եւ նամա ցեղախումբերու ցեղասպանութեան (1904-1907)։ Օսմանեան կառավարութիւնը հետաքննական յանձնաժողովներ ղրկած է եւ պատերազմական ատեաններ հաստատած՝ յանցագործները պատժելու նպատակով։ Սակայն, դատարանները քրէական պատասխանատուութեան չեն ենթարկած ջարդերու գլխաւոր հեղինակները, իսկ արդարութենէն այս շեղումը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենար յաջորդ տարիներուն։

“The Horrors of Adana” այս իրադարձութիւններուն առաջին մանրակրկիտ քննարկումներէն մէկը կը հրամցնէ, վերլուծելով ընկերա-քաղաքական ու տնտեսական այն վերափոխումները, որոնք յանգած են օրհասական բռնութեան։  Տասնեակ մը լեզուներով սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուելով, գիրքը բազմակողմանի մօտեցում կը որդեգրէ, ձգտելով հասկնալ այս բարդ դէպքը ձեւաւորող տարաձայնութիւններն ու յոյզերը, հանրային ոլորտներն ու մարդասիրական միջամտութիւնները։ Մանրակրկիտ կերպով քննելով Ատանայի ջարդերը, “The Horrors of Adana” կը ներկայացնէ էթնիք բռնութեան համապարփակ պատկերը, լոյս սփռելով այն հարցերուն վրայ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ սովորական մարդիկ կրնան յանցագործ դառնալ։

Հակառակ այս դէպքերուն նշանակութեան եւ բռնութեան ու քանդումի ծաւալին, Ատանայի ջարդերը յաճախ դուրս մնացած են պատմական ներկայացումներէ, յատկապէս օսմանեան եւ միջին արեւելեան պատմագրութեան մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը շարունակեն գրգռութեան կեղծ դրոյթը տարածել այս ջարդերուն առնչութեամբ, Ատանայի «դէպքեր»ը կամ «յուզումներ»ը դիտելով իբրեւ հայերու ձախող ըմբոստացում մը՝ եւրոպական միջամտութիւնը յարուցելու եւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը վերականգնելու յետին նպատակով։ Աւելի՛ն. բռնութիւնը հայկական «գրգռութիւններ»ու բնական արդիւնքը կը նկատեն։ Տէր Մաթոսեան անհրաժեշտ սրբագրութիւն կը կատարէ, փաստարկելով, որ Ատանայի ջարդերու պէս երեւոյթները պատահական չեն, այլ հետեւանքն են բարդ ու զիրար խաչաձեւող շարք մը ազդակներու, որոնք խարսխուած են քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական կեանքի փոփոխական հողին վրայ։ Գիրքը նաեւ կ՚անդրադառնայ Ատանայի ջարդերը լաւագոյնս հասկնալու հարցին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան լոյսին տակ, առանձինն դիտարկելով իւրաքանչիւր դէպքի ընթածիրը,  աւելի քան առաջինը պարզապէս դիտելով իբրեւ երկրորդին նախանշանը։

Կարծիքներ  

«“The Horrors of Adana” իսկապէս նոր ճանապարհ բացող եւ խորապէս նրբազգաց հետազօտութիւն մըն է միջ-համայնքային, աղանդաւորական եւ ազգայնական բռնութեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ ։ Արդի Միջին Արեւելքի գիտնականներու անյետաձգելի ընթերցանութեան նիւթ պէտք է ըլլայ» (Ուսամա Մաքտիսի, Ռայս համալսարան, հեղինակ՝ “Age of Coexistence: The Ecumenical Frame and the Making of the Modern Arab World” հատորին)։

«“The Horrors of Adana” երբեք խորութեամբ չուսումնասիրուած ջարդի մը կարկառուն վերլուծում մըն է։ Պետրոս Տէր Մաթոսեան պատասխանատուներուն, զոհերուն, կողմնակի դիտողներուն եւ ընկերա-քաղաքական համածիրին խորագնաց քննութիւն մը կը ներկայացնէ, որ օգտակար է բոլոր անոնց, որ հետաքրքրուած են զանգուածային բռնութեան գործընթացքները ըմբռնումով» (Ժագ Սեմելէն, Քաղաքական Գիտութիւններ, Փարիզ, հեղինակ՝ “Purify and Destroy: The Political Uses of Massacre and Genocide” հատորին)։

«Ատանայի ջարդերը իրենց պատմութիւնը ձեռք կը բերեն “The Horrors of Adana” հատորով, պատմութիւն մը՝ որ պէտք է պատմուի։ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի խորապէս ուսումնասիրուած եւ գրաւիչ փաստարկումով հարուստ գիրքը Ատանան կը տեղաւորէ “մոռցուած” ջարդերու աւելի երկար հետագիծի մը եւ ընդհանրապէս՝ օսմանեան պատմութեան մէջ» (Միշէլ Թիւսան, Նեւատայի համալսարան (Լաս Վեկաս), հեղինակ՝ “The British Empire and the Armenian Genocide: Humanitarianism and Imperial Politics from Gladstone to Churchill”)։

Պետրոս Տէր Մաթոսեան Նեպրասքայի համալսարանի (Լինքըն) պատմութեան բաժանմունքի ամպիոնի տեղակալն է, արդի միջին արեւելեան պատմութեան գործակից դաաախօս եւ հրէական ուսմանց «Հայմըն Ռոզենպէրկ» դասախօս։ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան (SAS) նախագահն է նաեւ։ Ծնած ու մեծցած է Երուսաղէմի մէջ, ուր աւարտած է Եբրայական համալսարանը։ Միջին Արեւելքի պատմութեան իր դոկտորականը ստացած է Գոլումպիա համալսարանի միջին արեւելեան, հարաւ ասիական եւ ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքէն (2008)։ 2008-2010ին, Մասաչուսէցի Թեքնոլոժիի հիմնարկի (MIT) միջին արեւելեան պատմութեան դասատու եղած է, իսկ 2014ի գարնան՝ Շիքակոյի համալսարանի «Տումանեան» այցելու դասախօս։  Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ համախմբագիր եղած է, որոնց շարքին՝ մրցանակի արժանացած “Shattered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence in the Late Ottoman Empire” հատորը (Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատուն, 2014)։

Գիրքը այժմ կը վաճառուի Ամազօն կայքէջին վրայ։

https://www.amazon.com/Horrors-Adana-Revolution-Violence-Twentieth-dp-1503631028/dp/1503631028/ref=mt_other?_encoding=UTF8&me=&qid=

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment