Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Պիւտճէ Վերականգնուած Է Աննախադէպ` Շուրջ 15 Միլիառ ՀՀ Դրամ Գումար

Պետական Պիւտճէ Վերականգնուած Է Աննախադէպ` Շուրջ 15 Միլիառ ՀՀ Դրամ Գումար

by MassisPost

ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Քննչական Վարչութեան վարոյթին մէջ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի շարք մը յօդուածներու յատկանիշերով քննուող բազմադրուագ քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին, առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր չվճարելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ, ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 205-րդ յօդուածի 2-րդ մասով յարուցուած եւ տուեալ քրէական գործին միացուած քրէական գործի քննութեամբ պարզուած է, որ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ» ընկերութեան նախկին գործադիր մարմինի ղեկավար` գլխաւոր տնօրէն հանդիսացող անձը, ղեկավարելով ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած եւ իրականացուած շահոյթ հետապնդող ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը, առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր չվճարելու նպատակով, օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ արձանագրուած եւ իր հետ փոխկապակցուած ոչ-բնիկ համարուող կազմակերպութիւններու միջոցով եւ վերջիններուս անունով յատուկ մշակուած եւ կիրառուած ծրագրով, կատարած է «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ» ընկերութեան արտադրանքի` պղինձի խտանիւթի շուկայականէն էականօրէն ցած արժէքով մատակարարման գործարքներ, որու հետեւանքով ընկերութեան հարկուող շահոյթը պակաս ցոյց տրուած է եւ այդ պատճառով պետական պիւտճէ չէ վճարուած աւելի քան 15.017.640.469 ՀՀ դրամ հարկեր եւ վճարներ:

Քրէական գործով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ, «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ» ընկերութեան նախկին գործադիր մարմինի ղեկավար` գլխաւոր տնօրէնին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 205-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու` առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր չվճարելու համար:

Քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած համապատասախան ելակէտային տուեալներու հիման վրայ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 29-ին կազմուած է ստուգման արարք եւ առաջադրուած է լրացուցիչ գանձման ենթակայ ընդհանուր 15.017.640.469 ՀՀ դրամ պարտաւորութիւններ, որոնք 2022-ին ամբողջութեամբ վճարուած են պետական պիւտճէ:

Յատկանշական է, որ 2017-2019 թուականներուն ընկերութեան իրական հարկուող շահոյթը պակաս ցոյց տալու հետեւանքով հարկերու եւ վճարներու տեսքով պետութեան պատճառուած 15.017.640.469 ՀՀ դրամ գումարը` տուժերով եւ քրէական գործով հանդերձ, վերականգնուած է ոչ թէ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ» ընկերութեան գործող հաշիւներու հաշուին, այլ` սոյն քրէական գործով մեղադրեալ ընկերութեան նախկին գործադիր մարմինի ղեկավարին կողմէ` վերջինիս անձնական միջոցներէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment